Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Եթէ Նոր Տուեալներ Պարզուին, Պատրաստ Եմ Միջամտելու»

January 30, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց շարքին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ եթէ նոր տուեալներ պարզուին, ապա ինք պատրաստ է միջամտելու կառավարութիւնը կազմելու ճիգերուն:

Նշենք, որ կառավարութեան կազմութեան առումով Պըրրի անջատ հանդիպում մը ունեցաւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ` ներկայութեամբ առողջապահութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իր խորհրդակցութիւնները յանգած են նոր գաղափարներու` մաղթելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն համաձայն կը գտնուի անոնց:

Նշենք նաեւ, որ անպաշտօն աղբիւրներ անդրադարձան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ առաջադրուած նոր նախաձեռնութեան մը, որ կը միտի նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան արդար ներկայացուցչութիւն ապահովել:

Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով իր մօտ նորութիւններ չկան` աւելցնելով սակայն, որ քաղաքական համախոհական կառավարութիւն մը կազմել կը նշանակէ նախագահական ընտրութեան կէս ճամբան հասնիլ, որովհետեւ նման կառավարութիւն մը պիտի ապահովէ քաղաքական բոլոր կողմերուն ներկայութիւնը եւ երկխօսութեան կարելիութիւն ստեղծէ:

«Հետեւաբար, ո՛վ որ նախագահական ընտրութիւն կ՛ուզէ, պէտք է ջանայ քաղաքական համախոհական կառավարութիւն մը կազմել», ըսաւ Պըրրի:

Պըրրի վերահաստատեց, որ նախատեսուած սենարիոն այն է, որ կազմուի չէզոք կառավարութիւն մը, որուն կողմէ աշխատանքային ծրագիրի մը մշակումը կրնայ անկարելի ըլլալ եւ խորհրդարան չհասնիլ` վստահութեան քուէ ստանալու համար, եւ կամ պիտի ըլլայ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը, որուն քրիստոնեաները իրենց մասնակցութիւնը կրնան պոյքոթի ենթարկել, «հետեւաբար ես պիտի արգիլեմ անոր խորհրդարան հասնիլը, որովհետեւ անիկա հակասահմանադրական պիտի ըլլայ, եւ այս մասին իմ կեցուածքս բոլորին ծանօթ է»:

Պըրրի ընդգծեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութեան առումով իր կողմէ որեւէ միջամտութիւն պահանջուի, ապա ինք պատրաստ է այդ միջամտութիւնը կատարելու:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Վերահաստատեց Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեանին Նկատմամբ Իր Զօրակցութիւնը

Յաջորդը

«Լիբանան Ի Վիճակի Չէ Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերէն Կազմուած Կառավարութիւն Մը Հանդուրժելու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.