Իտալական իշխանութիւնները երէկ «Քոմոնտոր»-ի կարգի շքանշանով պարգեւատրեցին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին:
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ իտալական դեսպանատան մէջ, Պաապտա:
Ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթօ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալման, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան զինուորականներ:
Պարգեւատրումի երեկոյին ընթացքին Մորապեթօ դրուատեց այս զգայուն եւ բարդ կացութեան մէջ երկիրը պաշտպանելու զօր. Քահուաժիի ջանքերը, ինչպէս նաեւ բանակին իրագործած նուաճումներն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական ջոկատին եւ օտար ուժերու հետ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը պահպանելու ճիգերը:
Մորապեթօ հաստատեց, որ Իտալիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին կարողութիւններուն հզօրացման:
Զօր. Քահուաժի իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ ինք հպարտ կը զգայ այդ շքանշանով, որ Իտալիոյ իշխանութիւններուն կողմէ տրուած է իրեն` առ ի գնահատանք Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ազգային միասնականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ իտալական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու ճիգերուն:
Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ Լիբանան եւ Իտալիա ունին բազմաթիւ հասարակ յայտարարներ, որոնցմէ են խաղաղութիւնն ու հողին կառչածութիւնը:
«Լիբանանցիները երախտապարտ կը մնան Իտալիոյ կողմէ Լիբանանին ցուցաբերուած զօրակցութեան, Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին մէջ անոր ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ անոր նախանձախնդրութեան:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը պիտի գործակցի իտալական ուժերուն հետ` պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանի կայունութիւնը:
«Մենք յանձնառու կը մնանք երկրին սահմանադրական ժամկէտներուն գործադրութեան, կը ջանանք քաղաքացիական անվտանգութիւնը ապահովել եւ ազգային համերաշխութեան ու գոյակցութեան ի խնդիր մեծագոյն զոհողութիւնները մատուցել:


