Թրիփոլիի Զահիրիէ շրջանին մէջ գտնուող Մար Ժաուորժիոս եկեղեցին նախանցեալ գիշեր թիրախ դարձաւ ձեռնառումբի մը, որուն պատճառով վիրաւորուեցան երկու քաղաքացիներ:
Ապահովութեան ուժերը հետաքննութիւն բացին ապահովական այս միջադէպին առնչութեամբ:
Երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել խստիւ դատապարտեց արձանագրուած այս միջադէպը` հաստատելով, որ նման դէպքեր պատճառ պիտի չդառնան Թրիփոլիի մէջ ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը խոցելու:
Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ նիւթուող դաւադրութիւնները պիտի չարգիլեն քաղաքին մէջ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնն ու համագործակցութիւնը:
Ֆատել ընդգծեց, որ գործուած արարքը անձնական է եւ պէտք չէ զայն իր փոքր շրջագիծէն դուրս բերել` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի բնակիչները նման սովորութիւններ չունին, «ընդհակառակն` անոնք փաստած են իրենց զօրակցութիւնը, երբ «Սայեհ» գրադարանը հրկիզուեցաւ, եւ կը շարունակեն սադրանքներուն դէմ իրենց պայքարը», ըսաւ ան:
Ան պահանջեց բացայայտել այս միջադէպին դրդապատճառները եւ ապահովութիւնը խախտող կողմերը յանձնել արդարութեան:


