
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Նոյն հարցը քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ Սալամի եւ վարչական ու արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի հետ:
Մսայթպէի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի:
Միւս կողմէ, նշանակեալ վարչապետը յայտնեց, որ չէզոք կառավարութիւնը երկրին իսկական կառավարութիւնը պիտի ըլլայ, որովհետեւ անիկա լիբանանցիներուն փափաքած կառավարութիւնն է:
Սալամ շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ հերթագայութեան սկզբունքին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու տեսակէտին:


