Ռապըրթ Քափլան Սթրաթֆոր ռազմաքաղաքական վերլուծողական կայքէջին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ մեծ տէրութեանց աշխարհաքաղաքական ազդեցութեանց փոփոխութեանց ցուցանիշ եղող վայրը ոչ թէ Միջին Արեւելքն ու Ասիան են, այլ` Կովկասը, որուն ազգագրական բարդութիւնները եւ գեղեցկութիւնը զայն իւրայատուկ հետաքրքրութեան կեդրոնի կը վերածեն:
Կովկասի մէջ ընթացող զարգացումները կը վկայեն, որ Ռուսիան ուժ մըն է, որուն աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւնը կ՛աճի, թէեւ` ժամանակաւոր եւ դիւրաբեկ կերպով, իսկ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը կրնայ սահմանափակուած ըլլալ: 1990-ական թուականներուն շատեր յայտնեցին, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով Ռուսիան կորսնցուց Կովկասը, իսկ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի նման երկիրներու ճակատագիրը արեւմտեան ճամբարն է: Նոյնիսկ Հայաստանը, որ թէեւ յետխորհրդային Ռուսիոյ հետ դաշնակցած էր, կռուախնձոր կը նկատուէր: Սակայն վերջին շուրջ տասը տարիները ցոյց տուին աշխարհագրութեան այն ճշմարտութիւնը, որ ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական ընկերութեան մասին բոլոր խօսքերը ջրեց. ճշմարտութիւնը հետեւեալն է. «Կովկասի մէջ Ռուսիան մօտ է եւ Արեւմուտքը` հեռու»: Այլ խօսքով, աշխարհագրական մօտ դիրքը, եթէ խորամանկութեամբ օգտագործուի պարտութեան կը մատնէ գաղափարները:
Անշուշտ, որ Կովկասը Կովկաս ըլլալով` ոչինչ այդքան պարզ է: Բազմաթիւ նրբութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն կարգ մը ընդհանուր գիծեր աչքառու են:
Հիւսիսային Կովկասը յետխորհրդային Ռուսիոյ ամէնէն անկայուն բաժինն է: Այդտեղ բազմաթիւ ցեղագրական խմբաւորումներ կ՛ապրին, ինչպէս` չեչեններ, լեզկիներ, աւարներ եւ ուրիշներ: Ռուսերը անջատողական չեչեններու դէմ երկու յաղթական պատերազմներ մղեցին: Առաջինը 1990-ական թուականներուն սկիզբը, իսկ երկրորդը` վերջաւորութեան: Հիւսիսային Կովկասի զինեալ խմբաւորումներ, ինչպէս` Կովկասի Ամիրայութիւնը, կը սպառնան յառաջիկային Սոչիի մէջ նախատեսուած Ողիմպիական խաղերուն:
Հիւսիսային Կովկասին վրայ նկատառելի վերահսկողութեան վերահաստատման ռուսերու մարտավարութիւնները մեզ կը մղէ հասկալու, թէ ռուսերը ինչպէ՛ս քայլ առ քայլ վերահսկողութիւն կը հաստատեն Անդրկովկասի վրայ:
Այստեղ երեք երկիրներ գոյութիւն ունին` Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Վրաստանը, որոնք աւելի մեծ երեք երկիրներու` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ մնացած են: Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները տարիներէ ի վեր ի զուր կը ջանան Հայաստանը ռուսական ճամբարէն հեռացնել, սակայն այդ յոյսը ամբողջովին չքացաւ, երբ Հայաստան յայտարարեց, որ պիտի միանայ ռուսական ղեկավարութեամբ Մաքսային միութեան: Նկատի ունենալով, որ Ռուսիա գրեթէ սեփականատէրն է Հայաստանի տնտեսութեան եւ հայկական հողին վրայ 5000 ռուս զինուորներ տեղակայուած են, Հայաստան Ռուսիոյ արբանեակի մը վերածուած է: Հայաստանի կեցուածքը իր տրամաբանութիւնը ունի. անիկա սահմանակից է երկու պատմական թշնամիներու` թուրքերու եւ ազրպէյճանցի թուրքերու: Այլ խօսքով` ռուսերը հայերուն կը պարգեւեն ռազմավարական մակարդակի պաշտպանութիւն մը, որ Հայաստանին կ՛արտօնէ պահել «նախապէս ազրպէյճանական տարածք եղող Լեռնային Ղարաբաղը»: Միացեալ Նահանգները, հակառակ հայկական նկատառելի բնակչութիւն մը ունենալնուն, այդ մէկը երբեք չեն կրնար ընել:
Ի տարբերութիւն Կովկասի մնացեալ պետութեանց` Ազրպէյճան քարիւղով ու բնական կազով հարուստ է: Այս մէկը Ազրպէյճանին կ՛արտօնէ տարբեր ուժերու միջեւ խուսանաւում կատարելով` որոշ աստիճանի գերիշխանութիւն ապահովելու. բան մը, որ հարեւան Հայաստանն ու Վրաստանը չեն կրնար իրագործել: Ազրպէյճանցի թուրքերը բարեկամ են Թուրքիոյ թուրքերուն եւ իսրայէլացիներուն. անոնք ռուսերուն եւ իրանցիներուն վրայ վստահութիւն չունին:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, թէեւ Ազրպէյճան Քրեմլինէն շատ աւելի անկախ, է քան Հայաստանը, հարկ է նկատի ունենալ, որ քանի մը տարի առաջ հայ-թրքական մերձեցման ձախողութիւնը (Ազրպէյճանի վրայ իր հետեւանքներով) թէ՛ ընդհանրապէս Արեւմուտքի տկարութեան ցուցանիշն էր, թէ՛ տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան: Ազրպէյճան պաղ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ Եւրոպական Միութեան կողմէ քաղաքական քայլերուն` գիտակցելով իր ուժանիւթային ազդեցութեան եւ աշխարհագրական գետնի վրայ Ռուսիոյ մօտիկ ըլլալուն:
Մինչ Հայաստան ռուսամէտ եղած է, իսկ Ազրպէյճան` Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ չէզոքութիւն պահած, Վրաստան անցնող երկու տասնամեակներուն ընթացքին նկատառելի կերպով արեւմտամէտ եղած է: Վրաստան ինքզինք Արեւմուտքի յառաջամարտիկը նկատած է եւ փափաքած` ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ, մասնաւորաբար նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի իշխանութեան օրերուն: Սակայն Սահակաշվիլի ձախողեցաւ Վրաստանի համար ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւն ապահովել եւ գրգռիչ կերպով Արեւմուտքին հետ սիրաբանելու եւ Ռուսիոյ հետ թշնամանալու իր քաղաքականութիւնը 2008-ին ռուսական ներխուժման պատճառ դարձաւ:
Այստեղ եւս աշխարհագրութեան դաս մը կար. հակառակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զօրակցութեան յայտարարութեանց` Ռուսիան մօտ էր, եւ երբ որոշեց գործի լծուիլ, Միացեալ Նահանգները ոչինչ կրնային ընել:
Վրաստանի մէջ ռուսական ազդեցութիւնը յաւելեալ աճ արձանագրեց, երբ Մոսկուա բնակող սակաւապետ Պիծինա Իվանիշվիլի 2012-ին ռուսական «մեղսակցութեամբ» Վրաստանի վարչապետ ընտրուեցաւ: Վրաստան ներկայիս նոր նախագահ մը եւ վարչապետ մը ունի, որոնք Իվանիշվիլիի «Վրացական երազ» խմբակցութեան անդամ են, ուստի կարելի է սպասել, որ անոր արտաքին քաղաքականութիւնը շարունակեն: Այսպիսով, Վրաստան Ռուսիոյ կողմէ Ֆինլանտականացման վտանգը կը դիմագրաւէ: Վրաստանի մէջ քաղաքական զարգացումները մեծ մտահոգութիւն կը պատճառեն Ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ մեծ ջանքերով անոր պահպանած հաւասարակշռութեան նկատմամբ մտահոգութիւն կը ստեղծեն:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ելցինի ծառայութեան տակ ըմբոստ չեչենները ծունկի բերելէն ետք, երկար ճամբայ կտրած է: Ան ռուսական նոր արբանեակներ ստեղծած է, Ազրպէյճան յամար յստակ դարձուցած է Ռուսիայէն անկախ գործելու սահմանները: Անշուշտ ասոր նպաստած է այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներուն ուշադրութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Խաղաղականի շրջանին վրայ է: Կովկասը իրապէս մեծ տէրութեանց քաղաքականութեանց տեղաշարժերուն ցուցանիշն է:


