Հայաստանի կառավարութեան 23 Յունուարի նիստին հաստատուեցաւ Մաքսային միութեան եւ Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի ու Ռուսիոյ միասնական տնտեսական տարածքին Հայաստանի անդամակցութեան նպատակով նախաձեռնութիւններու ծրագիրին («ճամբու քարտէս»-ի) վերաբերող գործողութիւններուն ժամանակացոյցը:
«Մէկ-երկու օրուան խնդիր է: Թեքնիք հարցեր կան. ճշգրիտ թարգմանութիւն, եզրաբանութիւն: Այդ բոլորը մէկ-երկու օրուան ընթացքին կը կատարուի եւ ամէն ինչ կը տպագրուի: Խօսքը կը վերաբերի ժամանակացոյցին, որով պէտք է կատարուի «ճամբու քարտէս»-ը: Բնական է, հանրութիւնը նաեւ կը ծանօթանայ այդ ճամբու քարտէսին», նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Տնտեսութեան նախարար Վահրամ Աւանեսեան դիտել տուած է, որ ժամանակացոյցը կը ներառէ շուրջ 20 բաժին, 262 միջոցառում, որոնցմէ 150-ը պիտի կատարուին նախքան անդամակցութիւնը. «Ընդհանուր առմամբ` նաեւ ենթամիջոցառումները, շուրջ 600-ն են, եւ այս հիմնական որոշումին կը կցուի նաեւ ճամբու քարտէսը»:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան դիտել տուած է, որ երկու օր ժամանակ պէտք է խմբագրական ուղղումներ կատարելու համար. «Չափազանց կարեւոր է, որ այս պահու դրութեամբ բոլոր թարգմանութիւնները ըլլան ճշգրիտ, որովհետեւ ապագային արդէն բոլոր այդ փաստաթուղթերու եզրերը պիտի օգտագործուին ըստ այն փաստաթուղթի, որ մենք այսօր պիտի հաստատենք»:


