
Երէկ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ սուրիացի գաղթականներու նուիրատու երկիրներու ժողովը, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ երկիրներէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին` Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Իրան սուրիական տագնապի լուծման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունի, եւ մենք «Ժընեւ-2»-ին անոր մասնակցութեան ուժեղ կերպով կը զօրակցինք»: Ան ըսաւ, որ «մէկ տարի առաջ, երբ հոս հանդիպում ունեցանք, Սուրիոյ մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր էր, եւ ահա այսօր մարդասիրական ու նաեւ շրջանային տագնապ մը կը դիմագրաւենք: Լիբանանը, Յորդանանը, Թուրքիան, Իրաքը եւ Եգիպտոսը աւելի քան երեք միլիոն սուրիացի կը պատսպարեն»` նշելով, որ «Սուրիոյ բնակչութեան կէսը, այսինքն` շուրջ 9 միլիոն մարդ օժանդակութեան կարիք ունի»:
Ան յայտնեց, որ 43 նուիրատու երկիրներ Սուրիոյ համար 1.3 միլիառ տոլար տուին` նշելով, որ «մենք 6.5 միլիառ տոլարի կարիք ունինք»:
Նուիրատուներու շարքին էին Ֆինլանտա, որ «Սուրիոյ ժողովուրդին» նուիրեց 7 միլիոն եւրօ, Լիւքսամպուրկ` 5 միլիոն եւրօ, Սէուտական Արաբիա` 60 միլիոն տոլար, Քաթար` 60 միլիոն տոլար, Բրիտանիա` 164 միլիոն տոլար, Միացեալ Նահանգներ` 300 միլիոն տոլար, իսկ ժողովը հիւրընկալող Քուէյթ` 500 միլիոն տոլար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմը Յորդանանի եւ Լիբանանի նման երկիրներու վրայ կը ճնշէ, եւ մեզ բոլորս կը հետաքրքրէ»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Ուաշինկթընի օժանդակութիւնները հասած են աւելի քան 1.7 միլիառ տոլարի»:
Ան ըսաւ, որ վարչակարգը պէտք է վերջ տայ հիւանդանոցները, վիրաւորները եւ բժիշկները թիրախ դարձնելու քայլերուն, միջազգային ընտանիքը պէտք է իր տրամադրութեան տակ գտնուող ամէն միջոց օգտագործէ վերջ տալու համար միջազգային օրէնքի եւ պատերազմի կանոններու բռնաբարումներուն, «եւ պէտք է վարչակարգին` իր պատասխանատուութեանց յանձնառութենէն վստահ ըլլանք»:
«Կը խոստանանք տագնապին վերջ տալ դիւանագիտական լուրջ աշխատանքի ճամբով», ըսաւ Քերրի` նշելով, որ «Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը ոչ միայն մարդասիրական ջանքերու ճամբով, այլ նաեւ բոլոր ձեւերով»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի յայտնեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը խաղաղ ցոյցերու համար դուրս գալուն գինը կը վճարէ»` աւելցնելով, որ «սուրիական տագնապը վերածուեցաւ ուրիշներու փոխարէն պատերազմի մը, որ Սուրիոյ մէջ բարգաւաճման 30 տարուան ջանքերու կորուստին առաջնորդեց»:
«Քաղաքական լուծումը միակն է, որ կրնայ Սուրիան ու անոր միութիւնը պահպանել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «մենք «Ժընեւ-2»-ին այլընտրանք մը չենք տեսներ»:
Ասատ – Զարիֆ Հանդիպում
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ասատ զգուշացուց, որ ուահապական գաղափարներու վտանգը սկսած է ոչ միայն շրջանի երկիրները, այլեւ ամբողջ աշխարհը վտանգել:
Ան ըսաւ, որ սուրիացիները եւ շրջանի կարգ մը ժողովուրդները այլեւս կը գիտակցին ուահապական գաղափարաբանութեան վտանգին, եւ բոլորը պէտք է օժանդակեն անոր դէմ պայքարին ու անոր արմատախլման:
Զարիֆ իր կարգին յայտնեց, որ Իրան մարտահրաւէրներու դիմագրաւման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ շրջանին մէջ ապահովութեան ու կայունութեան հաստատման համար շրջանի երկիրներու ջանքերը միացնելու առնչութեամբ նախանձախնդիր է:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ սուրիական տագնապին լուծումը սուրիացիներուն միջեւ պէտք է ըլլայ, եւ անոնք միայն իրաւունք ունին իրենց ապագան ճշդելու:
Զարիֆ ընդգծեց, որ Իրան Սուրիոյ ղեկավարութեան ու ժողովուրդին կ՛աջակցի եւ կը ջանայ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը յաջողցնել:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտարարած է, որ եւրոպական շարք մը երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւններու ներկայացուցիչները այցելած են Դամասկոս` Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ անվտանգութեան մարզի հարցեր քննարկելու համար: «Ես պիտի չթուեմ, թէ ո՛ր երկիրներէն են, սակայն այո՛, շատերը այցելած են Դամասկոս», յայտարարած է ան:
Նախապէս «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութիւններու աշխատակիցները գաղտնի հանդիպում ունեցած են Սուրիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ` Եւրոպայէն Սուրիա մեկնած ծայրայեղականներու հարցով:
Անոնք ուզած են իմանալ, թէ ո՞ղջ են այդ մարդիկը, ո՞ւր կը գտնուին, ո՞ր խմբաւորումներու կազմին մէջ են, որպէսզի որոշեն, թէ ի՛նչ վտանգ կը ներկայացնեն իրենց երկիրներուն համար:


