Երէկ գիշեր ժամը 9:00-ին Եգիպտոսի մէջ նոր սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէի երկրորդ օրուան աւարտով ընթացք առաւ քուէներու հաշուարկը:
Եգիպտոսի վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի յայտնեց, որ բարեփոխուած սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէին քաղաքացիներուն մեծաթիւ մասնակցութիւնը երկրին մէջ եւ արտասահմանի մէջ ծայրայեղական կեցուածքները պիտի փոխէ: Ան ըսաւ, որ հանրաքուէին քուէարկութեան մասնակցութիւնը ակնկալուածէն աւելի մեծ էր:
Պեպլաուի ըսաւ, որ ընտրութիւններ կատարելու որոշումը պիտի յայտարարուի հանրաքուէի արդիւնքին յայտարարութենէն ետք:


