
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆլեչըր ցաւակցութիւն յայտնեց Հարիրիի նախկին խորհրդական Մոհամետ Շաթահի սպանութեան առիթով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը:
Միւս կողմէ, Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:


