Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ յայտնեց, որ «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին մասնակցելու առումով Լիբանանի ստացած պաշտօնական հրաւէրը արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղուած է եւ ոչ թէ անձամբ իրեն:
Հետեւաբար, 22 յունուարին «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին ներկայ պիտի գտնուի Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը` ո՛վ որ ալ ըլլայ ան:
Մանսուր նշեց, որ կարեւորագոյնը այն է, որ խորհրդաժողովին լիբանանեան քաղաքական որոշումը ներկայացուի:


