Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին. վերջինս նախարար Շարպելի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումներուն մանրամասնութիւնները քողազերծելու առումով:
Ապատի բարձր գնահատեց լիբանանցի պատասխանատուներուն ջանքերը` պայթումներուն դրդապատճառները եւ ոճրագործներուն ինքնութիւնը բացայայտելու իմաստով:
Ապատի շեշտեց, որ այս իմաստով իրանեան դեսպանատունը պիտի շարունակէ գործակցիլ ներքին գործոց նախարարութեան հետ, մինչեւ հետաքննութեան աւարտը:


