
Կրթութեան նախարարութեան տեղեկատու գրասենեակը հերքեց բջիջային հեռաձայներու միջոցով շրջան ըրած այն տեղեկութիւնները, թէ կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ զոհ գացած է ճամբու արկածի մը: Լուրը, որ վերագրուած էր լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» կայանին, իրարանցումի մատնած էր Տիապի ընտանեկան պարագաները:
Հաղորդագրութիւնը ապահովական պատկան կողմերէն պահանջեց հետապնդել, ստուգել եւ պատժական տնօրինումի ենթարկել Տիապի «մահուան» անհիմն լուրը հրապարակած կողմերը:


