Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ յայտնեց, որ Լիբանան «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին մասնակցելու պաշտօնական հրաւէր մը ստացած է` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն:
Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանանի առաջնահերթութիւններէն մէկը այն է, որ ան յանձնառու է Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատումին, ինչպէս նաեւ քաղաքական լուծումի մը յանգելու անհրաժեշտութեան:


