Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնը` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

December 31, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2013-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն եւ Ս. պատարագ` քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոս Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով: Արարողութեանց նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի հայոց թեմին մէջ ծառայող քահանայ հայրերն ու հայ առաքելական եկեղեցիներու սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները:

Քարոզի պահուն առաջնորդ սրբազանը յիշեցուց, որ ամէն տարի Ս. Ստեփանոսին յիշատակութիւնը կատարելով, կը ջանանք մեր մէջ վերակենդանացնել անոր հաւատքի եւ ծառայութեան օրինակը, որպէսզի մենք ալ, Ս. Հոգիով զօրացած, ծառայական մեր աշխատանքներուն ընդմէջէն զԱստուած արտայայտենք մեր շրջապատին մէջ եւ մեր յանձնառութիւններուն ընդմէջէն լոյս, բարիք եւ օրհնութիւն տարածենք մեր ընկերութեան մէջ:

Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, կազմակերպութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» Եռագոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն մասնակցեցան քահանայ հայրեր, թեմին մէջ ծառայող սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նշեց, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը մեզ կը հրաւիրէ կրօնական պատշաճ արարողութեամբ վերջինիս նահատակութիւնը փառաբանելու, իսկ այս առիթով կազմակերպուած սիրոյ սեղանը առիթ կ՛ընծայէ, որ իբրեւ եկեղեցւոյ սպասաւորներ ու գործակիցներ քով-քովի հաւաքուինք, որպէսզի ծառայական մեր կեանքին համար իրարմով զօրանանք եւ քաջալերուինք:

Սիրոյ սեղանի աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, բարձրօրէն գնահատելով թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող մեր սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն,  դպիր-դպրուհիներուն եւ աշխարհական սպասաւորներուն նուիրումը, յիշեցուց, որ միահամուռ մասնակցութեամբ եւ նուիրեալ ծառայութեամբ միայն շէն ու պայծառ կրնան մնալ մեր եկեղեցիները եւ աշխարհի մէջ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան ճամբով միայն կարելի է գործակիցը ըլլալ Քրիստոսի:

 

 

Նախորդը

Սարգիս Յովսէփեան Նշանակուեցաւ Փիւնիկ Երեւանի Գլխաւոր Մարզիչ

Յաջորդը

Նոր Տարուան Եկեղեցական Արարողութիւն Եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։