Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեւներ Այնճարէն. «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ»

December 31, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Թ. Հ.

Մեր գիւղին քաղաքական-յարաբերական կապերը ամրապնդելու նպատակով, աւանդութիւն դարձած է շրջանի քաղաքական անձնաւորութիւններու Ս. Ծնունդը շնորհաւորել: Իբր թէ փոխադարձաբար: Բայց եւ այնպէս երբեմն այդ սովորութինը շատ ալ դրական կերպով չ’ընկալուիր մեր հիւրընկալներուն կողմէ, եւ ընդհանրապէս չեն փոխադարձեր, սակայն նկատի ունենալով, որ պէտք ունինք քաղաքական անձնաւորութիւններուն ծանօթանալու, պարտաւորուած կը զգանք մեր պարտականութիւնը լիովին կատարելու:

Արդարեւ, Ս. Ծնունդին որոշեցիք վսեմաշուք նախագահին Էլի Ֆըրզլիին տօնը շնորհաւորել: Նախագահ «ռայիս» կ’ըսեմ, որովհետեւ, Լիբանանի սովորութեան համաձայն, ոչ միայն հանրապետութեան նախագահը նախագահ կ’անուանեն, այլ նաեւ խորհրդարանի նախագահը, վարչապետը եւ անոնց փոխերը:

Այդ ժամանակաշրջանին  Էլի Ֆըրզլին խորհրդարանին փոխնախագահն էր, այսինքն «ռայիս»-ը, ուստի հարկ էր պատշաճ պատուիրակութեամբ ներկայանալ անոր:

Սովորաբար տօնը շնորհաւորելու առաքելութիւն ունեցող պատուիրակութիւնը   կը բաղկանայ  4-5  անձերէ, կղերականներ` քահանայ, վարդապետ կամ պատուելի,պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, առաւելագոյնը կ’ըլլար 6 հոգի: Սակայն նկատի ունենալով, որ  այդ տարին կը զուգադիպէր քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն, եւ շատեր նոր ընտրուած- «նշանակուած» էին, ուստի կը փափաքէին նախագահին հետ Ծնունդը ըմբոշխնել: Տղաքը խանդավառ էին, փափաքողը նետուեցաւ պաս եւ միացաւ պատուիրակութեան: Կազմուեցաւ ստուար  պատուիրակութիւն մը, որ շատ հազուադէպ երեւոյթ է. այս անգամ թիւը բարձրացաւ 12-ի:

Բոլորն ալ հագուած շքուած, տէր հայրն ալ վիզէն կախած էր մեծկակ խաչ մը, զոր միայն պաշտօնական առիթներու կը գործածէր, ճամբայ ելանք դէպի նախագահին բնակած շէնքը: Իջանք ինքնաշարժներէն եւ խմբուեցանք շէնքին գաւիթը: Մեր տղաքը մրցակցութեան մէջ էին եւ բարձրաձայն կը վիճէին` փաստելու համար,  թէ ո՛վ աւելի մտերիմ է մեծապատիւ նախագահին, որպէսզի ինքը պատիւը ունենայ պատուիրակութեան անդամները ներկայացնելու պէկին: Անշուշտ պէկն ալ պիտի նկատէ այդ հանգամանքը եւ հետագային, ըստ արժանւոյն պիտի վարուի անոր հետ:

Մէկը կը պնդէր, որ պէկին քոյրը Քանատա է:Ուրիշ մը կ’առարկէր, թէ հոս` Լիբանան է …

– Գրաւի կու գա՞ս, որ հոս չէ…

– Ճանըմ դուն ի՛նչ գիտես… պարապ բաներ մի խօսիր…

– Դուն տակաւին պէկը չէիր ճանչնար …

– Հիմա կը տեսնենք…

«Ես գիտեմ-դուն գիտես»… Հարցը սկսաւ լուրջ բնոյթ ստանալ: Այլեւս զիջիլը յիմարութիւն է:

Հաւանաբար  այդ պոռոտախօս վիճաբանութիւնը շատ հաճելի չթուեցաւ մանաւանդ անոնց, որոնք ծանօթ չէին պէկին: Հարցը չբարդացնելու համար վերջապէս տէր հօր թելադրանքով որոշուեցաւ  ամէնէն փորձառու, ճարպիկ-պէկին ամենամտերիմ կարծեցեալ- յայտնի դիւանագէտը առաջնորդէ շքախումբը:

– Առաջնորդը` ինքզինք տեսած, առաջ անցաւ.

– Լաւ, ըսաւ,- երկրորդ յարկ, աջին, թիւ 12: Մէկը դուռը թող չզարնէ… հրամայեց:

Տղաքը սկսան բարձրանալ: Անոնք, որոնք անփորձ էին` հետիոտն աստիճաններէն, իսկ իրենք զիրենք նախագահին ծանօթ յաւակնողները` վերելակով: Թափըր-թուփըր «Խորհուրդ Մեծ» ըսողներու պէս սկսանք շարուիլ միջանցքը, մինչեւ որ պատուիրակութիւնը ամբողջանայ:Անշուշտ ամօթ է անջատ-անջատ մտնել նախագահին տունը, հարկ է, որ միասնաբար մտնենք: Ոմանք կը շտկէին իրենց փողկապը, ուրիշներ ոտքերը սալայատակին կը դոփէին` իբր թէ ձիւնի փշրանքները մաքրելու համար: Չըլլայ թէ պէկը ձիւնոտ կօշիկներով նկատէ զիրենք: Ուրիշ մը կեղծաւորութեամբ կը հազայ` կոկորդը մաքրելու համար, չես գիտեր թերեւս պէկը շատ կարեւոր բան մը հարցուց իրեն, ինքն ալ պարտաւորուած պիտի ըլլայ պատասխանելու. «Ճանըմ խռպոտ ձայնով  չ՛ըլլար»… Ոմանք բարձրաձայն կը վիճէին, թէ ե՞րբ պէկը փոխադրուած է այս բնակարանը, եւ վճռական պատասխանը կու տար առաջնորդը: Այս ժխորէն քովընտի դռները կը բացուէին, մարդիկ իրենց գլուխները դուրս հանած զարմանքով կը դիտէին մեր շքախումբը… կղերականներ, գունաւոր փողկապներ եւ բարձրաձայն վէճեր…:

Տէր հայրը աչք մը նետեց շքախումբին վրայ եւ հաշուելու պէս ցուցամատով շարժումներ ըրաւ, ապա` «եալա  մտնենք» ըսելով տուաւ ազդանշանը: Առաջնորդը շտկռտուեցաւ, թեթեւ մը հազաց, խոր շունչ մը քաշեց, կազմ ու պատրաստ սեղմեց դիմացի թիւ 12 դրան զանգը: Մէկ-երկու, երրորդին առիթ չմնաց եւ դուռը կիսով բացուեցաւ … Միջին տարիքով կանացի դէմք մը երեւցաւ կիսաբաց մուտքին եւ անակնկալի եկածի պէս հարցական շեշտով հազիւ.

– «Ֆատալ», հրամմեցէք,-  շշնջաց, առ ի քաղաքավարութիւն, հարցնելով, թէ` «ի՞նչ կ’ուզէք»: Բայց մեր առաջնորդը չնշմարեց այդ արտառոց « նրբութիւնը» եւ իսկոյն ձեռքով նշան ըրաւ տէր հօր իբրեւ նախապատուութիւն, որ առաջ ացնի.

– Ասիկա քոյրն է,- ըսաւ մեր լեզուով: Եւ աղջկան դառնալով սիրալիր ժպիտով ձեռքը սեղմեց այնքան մտերիմ, որ քիչ մնաց պիտի ողջագուրուէր հետը:Ապա` ցոյց տալով տէր հայրը, արաբերէնով ըսաւ.

– Այնճարի տէր հայրը:

Պէկին քոյրը դժկամ ժպիտով, իբր թէ խանդավառուած.

– Հրամմէցէք, հրամմէցէք…,- աղաղակեց: Այս անգամ ներս անցէք իմաստով:

Մենք ալ մտանք` անշուշտ պէկին քրոջ ձեռքը ամուր սեղմելով: Ոմանք երկու ձեռքով եւ արաբերէն` «Ամէն տարի բարով մնաք» ըսելով, ուրիշներ` «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ»:

Պառաւ մը կիսով երկնցած  էր բազկաթոռին վրայ, փաթթուած պլանքէթի նմանող շալով:

– Այս ալ մայրն է,- յայտարարեց առաջնորդը մեր լեզուով:

Անոր ալ` «Խնդրեմ մի ելլեր մայրիկ» եւ կրկնելով նոյն մաղթանքը… քիչ  մը կրճատուած` «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ»:

Պառաւը նախ շատ ալ հետաքրքրուած չէր թուեր մեզմով, սակայն երբ նշմարեց տէր հօր լանջախաչը, իսկոյն արտորանքով ցատկեց  բազկաթոռէն, մէկ կողմ ծալլեց պլանքէթը եւ երկիւղածութեամբ համբուրեց տէր հօր աջը: Ապա տէր հօր ձեռքէն քաշելով անոր կողքին բազմեցաւ բազկաթոռին եւ սկսաւ շաղակրատել անոր հետ. կ’երեւի հաւատացեալ պառաւ էր…

Մեր առաջնորդը ոտքի ելաւ, «ըհը- ըհը» կոկորդը մաքրեց եւ հանդիսաւորապէս անցաւ պաշտօնական բաժնին,արաբերէն լեզուով`

– Մենք` Այնճարէն պատուիրակութիւն մը…,- եւ սկսաւ մէկ առ մէկ ներկայացնել մեծապատիւ պատուիրակութեան անդամները…

– Տէր հայր… պատուելի… վարդապետ…. քաղաքապետ…

Չէ որ, ըսի, թէ պատուիրակութիւնը ստուար է. պէկին քոյրը, որ արդէն ամէնուն ձեռքը սեղմած էր, հարկ չզգաց երկրորդ անգամ բոլորին ծանօթանալու, քիչ մը շփոթեցաւ, ապա  ժպիտը  բարեփոխեց.

– Բարով եկաք… բարով եկաք,- կրկնելով, սկսաւ տօնական ըմպելի լեցնել փոքրիկ բաժակներուն մէջ, որոնք արդէն սեղանին վրայ պատրաստ էին: Մերիններէն ոմանք` իբրեւ պէկին մօտիկ, սկսան օգնել նախագահին քրոջ, «հրամցնելով» եւ  փոխանցելով փոքրիկ բաժակները պատուիրակներուն: Պէկին քոյրը ինքզինք ուրախ ձեւացնելով, մերթ շնորհակալութիւն կը յայտնէր զինք օգնող տղոց, մերթ կը փորձէր երախտագիտական զգացումներ արտայայտել տէր հօր, որ բարեմաղթութիւններ կը կատարէր իր մօր: Եւ առանց ընդմիջումի յայտնապէս կը փորձէր կարելին ընել պատուելու Այնճարի մեծապատիւ պատուիրակութիւնը…

Խմիչքին առընթեր կարգը եկաւ տուրմին…

Բայց տակաւին պէկը չերեւցաւ:

Տէր հայրը մեր լեզուով, ցած ձայնով առաջնորդին փսփսաց .

– Հարցո՛ւր, մարդը ո՞ւր է:

Մեր առաջնորդը նախ ըմպեց փոքրիկ բաժակին պարունակութիւնը մէկ ումպով եւ ճաշակեց քաղցրահամ տուրմը, «չփչփացուց» շրթները,ապա նորէն պաշտօնական շեշտով դարձաւ պէկին քրոջ.

– Էլի պէկը ինչպէ՞ս է… Կ’երեւի զբաղած է …

Քաղաքավարութիւնը այդպէս կը պահանջէ. անուղղակիօրէն պիտի ուղղուի հարցումը, կարելի չէ ըսել «պէկը ո՞ւր է»…

Պէկին քոյրը` անակնկալի եկած, կարծես ցնցուեցաւ: Ակնթարթ մը աւելի շփոթեցաւ: Քիչ մը խպնեցաւ: Իսկոյն ինքզինք գտաւ: Ապա սխալ մը շտկելու միտումով.

– Պէկը լաւ է,- ըսաւ,- բայց,-… կմկմաց,-  պէկին բնակարանը հոս չէ, վերի յարկն է….

Այլեւս ինչ օգուտ… արդէն տուրմը կերած էինք:

Նախորդը

Նոր Տարուան Խոհեր. Շնորհաւոր Նոր Տարի Թող Գալուստդ Ըլլայ Բարի

Յաջորդը

Ամանորի Խոհեր. Կաղանդ Պապուկի` Սպիտակ Մաղթանքներուն Ընդառաջ (Սուրիահայութեան)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։