ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Արդէն իր վախճանին կը հասնի 2013 տարին, եւ մեր եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջներով եւ Ս. Պատարագով կ՛ողջունենք 2014-ի առաջին օրը:
Ուստի Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին` ի խորոց սրտէ բոլորս միասնաբար կ՛ըսենք` եկո՛ւր Նոր տարի, թող որ գալուստդ ըլլայ բարի համայն մարդկութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուս համար:
Արդարեւ Նոր տարուան դիմաւորումը ցնծութիւն կը պատճառէ բոլորիս, յատկապէս տակաւին աշխարհի չարիքներէն եւ աղէտներէն անտեղեակ մանուկներուն: Կարծէք Կաղանդ պապան Արարատ լերան ձիւնազարդ լանջերէն դարձեալ իջած է Հայաստան աշխարհ եւ Նոր տարուան լոյսերու եւ ուրախութեանց հետ թեւանցուկ, նուէրներու բեռը ուսին` շուտով պիտի մտնէ մեր թաղը եւ պիտի թակէ նաեւ մեր տան դուռը…:
Տօնական այս ուրախ օրերուն մեր նուիրական պարտականութիւնն է առաջին հերթին յիշել բոլոր այն անձանց, որոնք կը տառապին հոգեպէս ու ֆիզիքապէս եւ մաղթել անոնց քաջառողջութիւն եւ հոգեկան խաղաղութիւն: Մեր քրիստոնէական սրբազան պարտականութիւնն է յիշել եւ աղօթել հոգիներու խաղաղութեան համար մեր այն բոլոր ննջեցեալ հարազատներուն, որոնք անցեալ տարի մեզի հետ էին եւ այսօր յաւիտենապէս բաժնուած են մեզմէ:
Անհուն եւ անսահման այս տիեզերքին մէջ կարծէք ժամանակը անսկիզբ ու անվախճան է: Միլիոնաւոր լոյսի տարիներու մէջ մարդ արարածի կեանքը կը նմանի անծայրածիր անապատներու մէկ աւազի հատիկին:
Մարդ ի՛նքն է, որ պիտի ջանայ իմաստաւորել, արժէքաւորել եւ լիցքաւորել իր կեանքի սահմանափակ թուով տարիները: Այլապէս չկայ հին ու նոր տարի, կայ միայն գիտակցօրէն ապրուած կամ աննպատակ կերպով վատնուած կեանք:
Ահա թէ ինչո՛ւ Նոր տարուան գալուստը իւրաքանչիւր գիտակից ու յանձնառու հայու համար պէտք է վերածուի անհատական խոկումի, հաւաքական ինքնաքննութեան, հաշուետուութեան եւ վճռական նոր որոշումներու սքանչելի առիթի մը: Նոր տարուան սեմին մենք պարտաւոր ենք անհատաբար եւ հաւաքաբար հարց տալու մենք մեզի:
Նոր տարուան սեմին, արդեօք ունի՞նք մտքի եւ հոգիի այն խաղաղութիւնն ու սրտի հպարտութիւնը, զորս կ՛ունենայ վաստակած մշակն ու հնձուորը, տեսնելով իր կալին մէջ հաւաքուած ատոք ու ոսկի հասկերը: Ի՞նչ ըրած ենք անցած տարուան ընթացքին. քալա՞ծ ենք մեր ժողովուրդի ընդհանրական իղձերու իրականացման առաջնորդող նպատակասլաց ուղիով, թէ շեղած ենք մտքով ու սրտով, բանիւ եւ գործով մեր հերոսածին հայրերու գծած ճանապարհէն:
Կատարա՞ծ ենք մեր պարտականութիւնները մեր ընտանիքին հանդէպ` որպէս զաւակ կամ ծնողք, թէ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մոռցած ենք հայ ընտանիքի սրբութիւնները:
Մեր ապրած երկրին, մեր պատկանած համայնքին, եկեղեցւոյ եւ ազգի հանդէպ եղա՞ծ ենք պարտաճանաչ անձ եւ օրինակելի քաղաքացի, թէ ապրած ենք եսասէր ու եսակեդրոն կեանք` սպասելով, որ միշտ ուրիշները տքնին ու ճգնին, իրենց ժամանակն ու նիւթականը տրամադրեն, իսկ մենք անոնց ձեռք բերածը վայելենք ու միայն քննադատողի դերին մէջ ըլլանք:
Որպէս հայ եկեղեցւոյ զաւակ ի՞նչքանով զոհած ենք մեր ժամանակը, մեր հնարաւորութեանց սահմաններուն մէջ մեր նիւթաբարոյական կարողութիւնները ի սպաս դրա՞ծ ենք մեր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն, մշակութային ու բարեսիրական հաստատութեանց պահպանման ու գոյատեւման համար:
Զգացա՞ծ ենք ուրիշին ցաւը եւ ջանացա՞ծ ենք ցաւակից ըլլալ անոր. արդեօք բերա՞ծ ենք մեր նպաստը, ընծայաբերա՞ծ ենք մեր լուման` ազգին գանձանակին մէջ, որբին, հիւանդին ու աղքատին, օգտակար հանդիսանալու նպատակով: Կատարա՞ծ ենք մեզի վիճակուած բարոյական պարտականութիւնները, ցուցաբերա՞ծ ենք յստակ դիրքորոշում սուտի, կեղծիքի ու չարիքի տարածիչներուն դէմ, թէ լրիւ անտարբեր մեր շրջանակի նկատմամբ` միայն անհատական հաճոյքներու եւ սեփական շահերու ապահովման հետամուտ եղած ենք:
Ահաւասիկ մաս մը այն բազմաթիւ հարցումներէն, սիրելինե՛ր, որոնց պարտաւոր ենք պատասխանել Նոր տարուան սեմին` ըլլալով միաժամանակ մեր անձին անկողմնակալ հարցաքննիչն ու երդուեալ դատաւորը:
Մարդ էակը այս աշխարհի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարելու սրբազան առաքելութիւնն ունի եւ զայն իրագործելու համար պարտաւոր է Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած ժամանակը լաւագոյնս օգտագործել:
Մարդ արարածը իր ամբողջ կեանքին տեւողութեան ինքզինք սրբագրելով կատարելագործելու կարիքն ունի, իր պատկանած հասարակութեան յառաջդիմութեան նպաստելու, իր ապրած միջավայրին ու շրջապատին բարելաւման, մէկ խօսքով` այս աշխարհը` թէ՛ իր ապրած ժամանակաշրջանի մէջ, եւ թէ՛ իրմէ ետք եկողներուն համար աւելի երջանիկ վայրի մը վերածելու` բարոյական ու մարդկային վեհ պարտականութիւնն ունի:
Նոր տարին կեանքը նոր ծրագրումներով դիմաւորելու, նոր ոգիով, նորոգուած ապրումներով գործի անցնելու, հաւատքը գործի վերածելու, եւ առ այդ մեր անձին կնիքը մեր ապրած ժամանակաշրջանին վրայ դրոշմելու սքանչելի պատեհութիւն մըն է:
Չմոռնանք նաեւ, որ 2014-ը տակաւին իր արդար հատուցումը չստացած Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակն է, որուն պիտի յաջորդէ մեր Արդար Դատի` Հայկական պահանջատիրութեան 100-ամեակի անկիւնադարձային տարին:
Մաղթենք, որ Նոր տարուան առաջին լուսաբացը` Բեթղեհէմի աստղաքանդակ երկինքէն մեր Փրկչի հրաշալի Ս. Ծնունդը աւետող հրեշտակներու օրհներգով իրեն հետ բերէ ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն եւ արդարութիւն, եւ «Յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն եւ օրհնութիւն»:
Մաղթենք, որ Խաղաղութեան Իշխանի ծնունդով աշխարհէն վերանան պատերազմներն ու խռովութիւնները եւ արդարութեան արեգակը ծագի մարդկային հասարակութեան վրայ, որպէսզի համայն մարդկութիւնը իր տարբեր ցեղերով եւ ազգութիւններով, զանազան կրօններով եւ դաւանանքներով կարենայ հաշտ ու համերաշխ ապրիլ այս աշխարհին վրայ:
Մաղթենք, որ 2014 տարին Արցախի, Հայաստանի եւ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայորդիներուս համար ըլլայ համազգային մեր իղձերու իրականացման ճանապարհին, հաւաքական ճիգերով եւ զոհաբերութեամբ արդիւնաւորուած նոր հանգրուան մը:
Այս առիթով ի խորոց սրտէ կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած եւ կը հայցենք սիրոյ աղբիւր` մեր Փրկիչէն, որ իր Աստուածայայտնութեան հրաշալի խորհուրդով աւելի ամրապնդէ սէրն ու միաբանութիւնը մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն միջեւ:
Յատկապէս կ՛աղօթենք` Հայոց ցեղասպանութենէն ետք տարագիր հայութեանս համար երկրորդ հայրենիք դարձած, մեր սիրելի Սուրիոյ մէջ վերականգնուի խաղաղութիւնը, իրականութիւն դառնայ ի մարդիկ հաճութիւնն ու օրհնութիւնը, որպէսզի վերջ գտնեն արիւնահեղութիւններն ու աւերածութիւնները, միլիոնաւոր տնաւեր ու արմատախիլ եղած գաղթականներուն հետ, հայու բեկորներն ալ վերադառնան տուն, վերաշինեն իրեն քանդուած օճախները, վերականգնեն մեր կրօնական, ազգային ու մշակութային կառոյցները:
Շնորհաւոր Նոր տարի. թող գալուստդ ըլլայ բարի:

