Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեկտեմբերի Վերջին Գիշերը

December 31, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

new-year-lightsԴեկտեմբերի վերջին գիշերը ես արթուն ու Պրոտուէյ պիտի ըլլամ, Պրոտուէյ պիտի ըլլամ այդ պահուն, հոգ չէ թէ` քամին ո՛ր կողմէն փչէ եւ կամ մրրիկը ո՛ր կողմէն ոռնայ: Հոն պիտի ըլլամ, խելագարուած նիւ եորքցիներու մէկ չորրորդին հետ, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի շէնքին կատարին վրայ տեսնելու համար հին տարիին շիջումը եւ Նոր տարիին շողարձակումը ելեկտրական կտուցներու մէջ:

Յետոյ, ըստ սովորութեան, շրթունքներէն պիտի համբուրեմ շուրջիս բոլոր կիներուն: Տարօրինակ բան է այս համբոյր ըսուածն ալ, բազմիմաստ ու բազմահամ, նայած թէ` ի՞նչ պայմաններու մէջ, որո՞ւ կը տրուի կամ որմէ՞ կ՛առնուի ան: Մանկան իրաւունքն է ան, սիրահարին` առանձնաշնորհը, կոյսին համար հաւատք է ան, կնոջ համար յոյս: Ոմանց հրապոյրն է ան, ոմանց զէնքը, ոմանց կեղծիքը, ոմանց դիմակը: Ոմանց կը տրուի իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն, ոմանց` իբրեւ պարտականութիւն, ոմանց ալ` իբրեւ գթութեան տուրք:

Այո՛, պիտի համբուրեմ հետս գտնուող բոլոր կիները եւ տուն դառնամ գինովնալու: Ինչ որ ալ ըլլայ իմ հոգեկան վիճակս, ո՛վ որ ալ ըլլայ հետս, այդ բանը անհրաժեշտ է: Եթէ այդ գիշեր ես շատ բան կը յիշեմ անցեալէն, պէտք է գինովնամ, որ մոռնամ ու չտանջուիմ այդ վերյիշումով: Իսկ եթէ չեմ յիշեր, կրկին պէտք է գինովնամ, այս անգամ ապահովութեան սիրոյն, որ մշուշի մէջ խեղդեմ յիշելու կարողութիւնս:

Այդ գիշեր ես պէտք է մոռնամ ամէն բան, մեր օճախներու բոցը կարմիր, մեր տանիքներուն ծուխը կապոյտ, հովին երգը գիւղի տանիքներուն վրայ, ծխնելոյզին մէջ հեծկլտացող քամին, ապակափեղկերուն վրայ թմբկահարող մրրիկին շունչը, ձիւնի թաց ապտակները, մեծ մօրս հեքիաթները, ուր հրեղէն ձիերու թառած կտրիճներ կ՛արշաւէին լեռներու ձիւներուն մէջ: Պէտք է մոռնամ դողը, որ քալած է մէջս կտուրներէն անցնող բարի ոգիներու ոտնաձայնը ունկնդրելով: Պէտք է մոռնամ կոչնակին մեղեդին կտուրներուն ու դաշտերուն վրայ հալող: Պէտք է մոռնամ դէպի աղբիւր մեր արշաւանքները: Պէտք է մոռնամ աղբիւրին արցունքը գուռին մէջ, ցուրտը կճող, յոգնած ճերմակ թիթեռնիկներու պէս իջնող ձիւնը: Պէտք է մոռնամ, թէ` այդ գիշերին մէջ պահ մը կայ, երբ ծորակներէն ոսկի կը հոսի սափորներուն մէջ: Ու մանաւանդ պէտք չէ յիշեմ, թէ` այդ հաւատքն ու անով խանդավառ, կակուղ ձիւնին վրայէն աղբիւր վազողները մեռած են հիմա, մեռա՜ծ է օճախին նռնագոյն կրակը եւ աղբիւրին երգը:

Պրոտուէյէն վերադարձիս, ես աղուոր մը պիտի գինովնամ, որ բա՛ն մը, բա՜ն մը չյիշեմ այդ գիշեր: Որովհետեւ, եթէ պատահի, որ հակառակը տեղի ունենայ, ես վիշտէս, կարօտէս ու յուզումէս գլուխս բարձիս մէջ թաղած` պիտի լամ:

Ես կ՛ուզեմ` Նոր տարուան առաջին օրը լալով չանցընել, որ ամբողջ տարին չըլլամ տխուր ու սգաւոր, որովհետեւ, ես ալ՛ յոգնած եմ տխուր ու սգաւոր ըլլալէ, մանաւանդ` լալէ:

Բայց, պատահականութեանց դէմ ապահով ըլլալու համար, ես մեծ պատուհանիս առջեւ վառ պիտի ձգեմ իմ ամէնէն շողուն ճրագը ու վառեմ սրահին մեծ ջահը: Թող անցորդները տեսնեն, որ լուսավառութիւն կայ ներսը եւ դրացիները կարծեն, թէ խնճոյք ու խրախճանք եմ սարքած:

Մի գուցէ չյաջողիմ այդ գիշեր մոռնալ: Թող ուրիշներ չմոռնան, թո՛ղ ճրագը շողայ պատուհանիս առջեւ մինչեւ լոյս ու պարտկէ հոգիիս խաւարը, եթէ մի գուցէ չյաջողիմ գինովնալ ու մոռնալ ես:

 

1963

Նախորդը

Կաղանդի Ծառին Առջեւ

Յաջորդը

Նոր Տարուան Խոհեր. Շնորհաւոր Նոր Տարի Թող Գալուստդ Ըլլայ Բարի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։