Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները բողոքի ցոյցեր պիտի կազմակերպեն ընդդէմ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի` 27 յունուարին Թուրքիա կատարելիք այցելութեան դէմ:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հայերը հրաւիրած է մասնակցելու նախագահի մակարդակով քսան տարուան դադարէ ետք Թուրքիա կատարելիք այցելութեան դէմ կազմակերպուելիք բողոքի ցոյցերուն:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ֆրանսայի հայերը 25 յունուարին Լիոնի եւ Մարսէյի մէջ, իսկ 26 յունուարին` Փարիզի մէջ ցոյց պիտի կատարեն եւ Հոլլանտի կոչ կ՛ուղղեն իրագործելու ընտրուելէն առաջ տուած խոստումը` որդեգրելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը:


