Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ իր գլխաւորած Արտասահմանի մարոնիներու համաժողովին ընթացքին շուտափոյթ լուծում մաղթեց Լիբանանի քաղաքական թէ հրատապ այլ հարցերուն:
Ռայի այս առիթով նաեւ յաջողութիւն մաղթեց «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովին` այն քաջ համոզումով, որ նման իրագործում մը անպայման իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ Լիբանանի կացութեան վրայ:


