«Արժեչափերու եւ յատկանիշներու» հաստատութեան` «Լեպնոր»-ի ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Լինա Տըրղամ մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջաններու համակարգումի ժողովին, որ վերջերս գումարուեցաւ Ալճերիոյ մէջ` Արժեւորումի եւ չափելու միջազգային կազմակերպութեան ձեռնարկներուն ծիրին մէջ:
Այս առիթով Տըրղամ ժողովականներուն ներկայացուց լիբանանեան փորձառութիւնը, ուր «Լեպնոր» սատար հանդիսացաւ աւելի քան 15 մեծ հաստատութիւններու, այս յատկանիշի կիրարկման մէջ` քաղաքապետական ճարտարարուեստի, դրամատնային, տեղեկատուութեան եւ կրթական մարզերուն մէջ:


