Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ Լիբանանը ներկայացուց Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ Նելսըն Մանտելայի յուղարկաւորութեան արարողութեան, երէկ Ճոհաննեսպուրկի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի, Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի եւ Իտալիոյ վարչապետ Էնրիքօ Լեթայի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին բոլոր ղեկավարները յայտնեցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ իրենց պատրաստակամութիւնը` ստանձնելու համար սուրիացի գաղթականներուն կարիքներուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուած հարցերուն լուծումը:
Միքաթի այցելեց նաեւ Ճոհաննեսպուրկի լիբանանեան դեսպանատունը, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպանատան գործավար Արա Խաչատուրեանի կողմէ:
Նեժիպ Միքաթիի հետ հանդիպումին ընթացքին Ա. Խաչատուրեան զայն տեղեակ պահեց Հարաւային Ափրիկէի լիբանանեան գաղութին մասին:


