
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու Քեսրուանի միութեան հետ:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ճաշարանի մը մէջ, Նիքոլա Ապի Նասըրի` Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու Քեսրուանի միութեան նախագահ վերընտրութեան առիթով:
Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ:
Վ. Սապունճեան իր արտասանած խօսքին մէջ զօրակցութիւն յայտնեց Լեռնալիբանանի մէջ ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի առանձին պալատ ունենալու գաղափարին` նկատի ունենալով, որ պարագան նոյնն է նաեւ Զահլէի, Պեքաայի, Թրիփոլիի, հիւսիսային Լիբանանի, Սայտայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութիւն մը հիմնելուն նպատակը պիտի ըլլայ դիւրացնել Լեռնալիբանանի մէջ գտնուող գործատէրերուն աշխատանքը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լեռնալիբանանը կ՛ընդգրկէ Լիբանանի տարածքին գտնուող ճարտարարուեստի կարեւորագոյն գործարանները:


