
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Շոյկուի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Կապալայի ռատարի կայանը Ռուսիայէն Ազրպէյճանին փոխանցելու բոլոր ընթացիկ հարցերը արդէն լուծուած են:
«Ես տեղեակ եմ, որ Կապալայի ռատարին յանձնումը գրեթէ կայացած է. այնտեղ, իմ տեղեկութիւններովս, խնդիրներ չկան: Բոլոր ընթացիկ հարցերը կը լուծուին, կամ գրեթէ արդէն լուծուած են», ըսած է ան:
Հասանով վստահութիւն յայտնած է, որ երկկողմ համագործակցութեան առնչուող այլ հարցեր եւս Ազրպէյճանն ու Ռուսիան պիտի կարենան լուծել:


