
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Արեւելեան ծովուն մէջ Չինաստանի հակաօդային պաշտպանութեան նոր տարածքի յայտարարումը շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական գործողութեանց վրայ պիտի չազդէ: «Միացեալ Նահանգներ չեն ճանչնար այդ տարածքը եւ զայն չեն ընդունիր», ըսաւ Քառնի` աւելցնելով, որ «նոր շրջանը ամերիկեան կառավարութեան գործողութեանց վրայ որեւէ ազդեցութիւն չունի»:
Սպիտակ տան բանբերը շեշտեց, որ «Չինաստանի յայտարարութիւնը գրգռիչ միակողմանի արարք մըն էր, որ լարուածութիւն կը ստեղծէ աշխարհի վրայ աշխարհաքաղաքական առումով ամէնէն զգայուն շրջաններէն մէկուն մէջ, ներառեալ` այլ պետութեան մը վերահսկած հողերուն վրայ»:
Ան ըսաւ, որ «յստակ է, որ յայտարարութիւնը կը բարձրացնէ այն վտանգը, որ սխալ հաշուարկ մը կամ արկած մը կրնայ շատ արագ եւ վտանգաւոր մագլցումի առաջնորդել»:
«Չինաստանի ուղղուած մեր պատգամը այն է, որ այսպիսի գրգռիչ վարմունք մը վայել չէ միջազգային արժեչափերուն եւ խաղաղութեան ու կայունութեան կառչող մեծ տէրութեան մը», ըսաւ Քառնի:
Պայտըն Կոչ Կ՛ուղղէ Ասիոյ Մէջ
Իր Երկրին Յանձնառութիւնը
Կասկածի Տակ Չառնելու
Հարաւային քորէական «Եունհափ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Հարաւային Քորէայի նախագահ Փարք Քոն Հիյէի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղած է Ասիոյ մէջ աւելի մեծ դերակատարութիւն ստանձնելու իր երկրին յանձնառութիւնը կասկածի տակ չառնելու: «Կ՛ուզեմ բան մը յստակացնել, Խաղաղական ովկիանոսին մէջ կայունութիւնը վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի որոշումը կասկածէ վեր է», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներ իրենց խօսքը կը գործադրեն: Որեւէ կողմի Միացեալ Նահանգներուն դէմ կենալը երբեք ալ լաւ գրաւ մը չէ եղած»:
«Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն իրենց գրաւը Հարաւային Քորէայի վրայ դնել», նշած է Պայտըն:


