Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ պատահեցաւ պայթում մը, որուն պատճառով զօրաշարժի ենթարկուեցան գաղթակայանին զինեալ բոլոր ուժերը:
Ֆաթհ շարժումի անդամ Մոհամետ Սաատի թաղման արարողութեան ընթացքին եւ գաղթակայանի Տարպ Սիմ գերեզմանատունէն քիչ անդին պայթեցաւ ական մը, որ պատճառեց զոհ մը` Պայյումի անունով ծանօթ եգիպտացի մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորեց չորս պաղեստինցիներ, որոնց մէջ Սալեհ Տիպը, որ Ֆաթհի պատասխանատուներէն Մահմուտ Իսայի (Լինօ) ընկերակիցներէն է:
Պայթումին պատճառով վիրաւորուեցաւ նաեւ տասը տարեկան պատանի մը, որ կորսնցուց իր ոտքերէն մէկը:
Ականին պայթումէն ետք, Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ տիրեց իրարանցում մը, որուն լոյսին տակ կատարուեցան հաղորդակցութիւններ` հակակշիռի տակ պահելու համար կացութիւնը:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, պայթումին նպատակն էր թիրախ դարձնել յուղարկաւորները, որոնց մաս կը կազմէին մեծ թիւով պաղեստինցի պատասխանատուներ:
Պատասխանելով զինք թիրախ դարձնող պայթումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած մեկնաբանութիւններուն` Լինօ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` դիմադրելու համար աւազակախումբերուն եւ կասկածելի օրակարգ ունեցող ու սիոնական թշնամիին հետ առնչուող կողմերուն:


