
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ապահովական եւ քաղաքական բնոյթի իր հանդիպումներուն ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու որոշումին մասին:
«Թրիփոլիի ապահովութիւնը լիբանանեան բանակին վստահիլը յանդուգն քայլ մըն է, եւ կ՛ակնկալենք, որ բոլոր ուժերը բանակին հետ գործակցին, որպէսզի կարելի ըլլայ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ արիւնահեղութիւնը կասեցնել», ըսաւ Միքաթի:
Միքաթի շեշտեց, որ Թրիփոլիի իրաւունքն է խաղաղութեամբ ապրիլ, որպէսզի անոր կեանքը բնական ընթացքով շարունակուի:
«Մենք վստահ ենք, որ լիբանանեան բանակը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պահպանելու համար Թրիփոլիի կայունութիւնը», ըսաւ ան:
Միքաթիի այցելեցին Ռումիէի բանտի թղթածրարին հետեւող յատուկ յանձնախումբին անդամները, որոնց շարքին` փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել եւ պետական նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ Տէյվիտ Փարակուանաթը, որուն հետ քննարկեց դատական ատեանին վերաբերող հարցեր:
Ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Մանսուր Միքաթիի ներկայացուց Կինէա, Կապոն եւ Փղոսկրեայ ափունք կատարելիք իր շրջապտոյտին մանրամասնութիւնները: Կը նախատեսուի, որ Մանսուր հանդիպումներ ունենայ նշեալ երկիրներուն պետական պատասխանատուներուն եւ լիբանանեան գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուի Կապոնի մէջ լիբանանեան դեսպանատան բացման արարողութեան:


