Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2»-ին պիտի երթանք առանց նախապայմաններու, իսկ երկխօսութիւնը միայն սուրիացիներուն միջեւ պիտի ըլլայ, եւ իրենք միայն Սուրիոյ ապագան պիտի ուրուագծեն, իսկ բոլոր արդիւնքները պիտի ներկայացուին ժողովրդային հանրաքուէի»:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած իր նամակին մէջ նշած է, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքի ոչնչացման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն նաեւ հոլովոյթը սահմանուած ժամկէտներուն մէջ աւարտելու համար միջազգային ընտանիքի աննախադէպ ջանքերու անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի:
Պան Քի Մուն անհանգստութիւն կը յայտնէ ապահովութեան շուրջ ՄԱԿ-ի եւ Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան աշխատակիցներուն, որոնք Սուրիոյ մէջ այդ հոլովոյթը կը ղեկավարեն: Ան նշած է նաեւ, որ անհրաժեշտ է «լիարժէք յստակութիւն» քիմիական զէնքի տեղափոխման ծրագիրներու եւ Սուրիոյ սահմաններէն դուրս զայն ոչնչացնելու վերաբերեալ, ներառեալ` այդ գործողութիւններուն իրականացման վայրը:
Միւս կողմէ, Սուրիական ազատ բանակէն աղբիւրներ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք գրաւած են Մաալուլան, իսկ սուրիական բանակը հեռացած է գիւղէն: Աղբիւրները նաեւ նշեցին, որ իրենք կը փորձեն Մաալուլայէն առեւանգուած 16 մայրապետներու ազատ արձակման համար բանակցիլ` աւելցնելով, որ մայրապետները ողջ առողջ են:
Յոյն ուղղափառներու Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ միջազգային ընտանիքին ու կառավարութեանց կոչ ուղղեց երկուշաբթի օրուընէ ի վեր Մար Թաքլա վանքի առեւանգուած մայրապետներն ու անոնց խնամքին յանձնուած որբերը ազատ արձակելու:


