ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ թիֆլիսեան «Իմետի» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թիֆլիս պիտի շարունակէ «հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը` Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար»:
Վրացական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Ապաշիծէ-Քարասին բանակցութիւններու ձեւաչափը արդէն դրական արդիւնքներ տուած է եւ այս ընթացքը պէտք է պահպանել:
Ըստ Փանճիքիծէի, կողմերը յառաջընթաց արձանագրած են առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական մարզերու զարգացման եւ վերականգնման հոլովոյթին մէջ:


