Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Կովկասի Նկատմամբ Եւրոպայի Անկայուն Քաղաքականութիւնը

November 19, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

israel_azerbaijanՎահագն Աւետեան ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր երկարաշունչ յօդուածին մէջ կը գրէ, որ սովորաբար ընտրութիւններու վերաբերեալ դէտերու յայտարարութիւնը, ըլլայ այդ Հայաստանի, Ազրպէյճանի կամ Վրաստանի պարագային, կը սկսի այն նշումէն, որ ընտրութիւնները եղած են «միջազգային չափանիշներուն համապատասխան», սակայն ատոր կը յաջորդեն «սպասելի բարելաւումներու» մասին քանի մը էջեր։ Բայց եւ այնպէս, Ազրպէյճանի մէջ կայացած ընտրութիւնը դիւանագիտական մեղմասացութեան տեղ չէր ձգած։ ԵԱՀԿ-ը «լուրջ թերութիւններ»-ու մասին խօսեցաւ, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ընտրութիւնը «միջազգային չափանիշներուն չէր համապատասխաներ»։

Բայց եւ այնպէս, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ Եւրոպական Միութեան վերջնական զեկուցումին մէջ որոշեցին անտեսել թերութիւնները եւ ընտրութիւնները անուանել «ազատ, արդար ու թափանցիկ»։

Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանի հետ աւելի կոշտ վարուէր, ապա վիլնիւսեան վեհաժողովէն երկու ամիս առաջ արդէն պիտի զրկուէր ռուսական քարիւղէն ու կազէն։ Պատմականօրէն նախապատուութիւնը կայունութեան կը տրուի, իսկ մեր օրերուն կը շարունակէ տիրել ռէալփոլիթիքը։

Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Եւրոպան, Միացեալ Նահանգներն ու ԵԱՀԿ-ը վերջին քսան տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ հաւասարակշռուած վերաբերմունք ունէին, յատկապէս՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ։ Երկու երկիրներուն ուղղուած քննադատութիւնը համահաւասար էր, կը խուսափէին ամէն տեսակի տարբերակումներէն, որ կրնար իբրեւ նախասիրութեան ցուցանիշ մեկնաբանուիլ։ Սակայն վերջին երկու իրադարձութիւնները պէտք է նշան ծառայեն, որ այդ քաղաքականութիւնը անկայուն է։

Առաջին պաղ ցնցուղը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի 3 սեպտեմբեր 2013-ի յայտարարութիւնն էր Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցելու մտադրութեան մասին, եւ ոչ թէ՝ նոյեմբերին Եւրոպական Միութեան հետ կնքելու Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիր։

Շատեր կը հարցնեն, թէ Եւրոպական Միութիւնը այս բոլորին հնարաւորութիւնը նուազեցնելու համար ի՞նչ ըրած է։ Բացի այդ, Եւրոպական Միութեան՝ Սարգսեանի յայտարարութեան արձագանգը անպատասխանատու էր. Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները պատասխանատուութիւնը իրենց վրայէն նետեցին՝ յայտարարելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յարգէ «Հայաստանի կամքը»։ Միակ խնդիրը այն է, որ յայտարարութիւնը Հայաստանի կամքը չէր, ոչ ալ կը բխէր անոր շահերէն, գոնէ եթէ նկատի ունենանք մինչեւ Փութին-Սարգսեան հանդիպումը Երեւանի մէջ պաշտօնական անձնաւորութեանց յայտարարութիւնները։ Ասիկա Մոսկուայի կողմէ բացայայտ վերջնագիր էր, որուն համար Հայաստանի ղեկավարութիւնը լուծում չունէր։

Միւս հանգամանքը Ազրպէյճանի մէջ խիստ քննադատուող նախագահական ընտրութեան ընթացքն ու արդիւնքն էր, Եւրոպական Միութեան կողմէ հովանաւորչութեան ակնյայտ փորձը՝ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան խախտումը ծածկելու համար։ Եւրոպական անտարբերութիւնն ու անարդիւնաւէտութիւնը Պաքուն քաջալերեցին, որ փորձէ, որքան կարելի է, չափը անցնել։

Հարաւային Կովկասի հարցին մէջ Եւրոպայի քաղաքականութեան անկայունութիւնը արագօրէն կ՛աճի, եւ եթէ ԵԱՀԿ-ը եւ միւս շահագրգիռ կողմերը արմատական փոփոխութիւններ չկատարեն, տարածաշրջանին մէջ կացութիւնը պիտի վատթարանայ՝ աղէտալի հետեւանքներու հեռանկարով։

Նախորդը

Թրքական Ալեւի Իսլամութեան Երեւոյթը

Յաջորդը

Տէրսիմի Լուռ Յեղափոխութիւնը

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.