Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՐԲԵՐ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՆՁՆՈՒՄԻ ԵՒ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

June 17, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պարուտ եւ Շարպել

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին յաջորդող սովորական արարողութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տարբեր նախարարութիւններուն մէջ տեղի ունեցան յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւններ, որոնց ընթացքին շեշտուեցաւ բոլոր նախարարութիւններուն աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ նոր նշանակուած նախարար Մարուան Շարպել նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Զիատ Պարուտէն:

Պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Պարուտ մաղթեց, որ նախարար Շարպելի աշխատանքի թաւալող անիւին մէջ գաւազաններ չեն զետեղուիր, այլ խօսքով` անոր աշխատանքները հեզասահութեամբ կ՛ընթանան` առանց խոչընդոտներու:

Իր կարգին, Մարուան Շարպել շեշտեց, որ իրենք պիտի գործեն իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի հետ շատ բան կարելի պիտի ըլլայ իրագործել:

Խալիֆէ եւ Խալիլ

Յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ նաեւ Պուսթրոս պալատին մէջ, ուր նախկին նախարար Ալի Շամի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նոր նշանակուած նախարար Ատնան Մանսուրին յանձնեց նախարարութիւնը` շեշտելով, որ իրենց նուաճումները կը բխին Լիբանանի ազգային սկզբունքներէն:

Իր կարգին Մանսուր շեշտեց, որ ինք յանձնառու պիտի մնայ, որ Լիբանանի պատկերը փայլուն մնայ ամբողջ աշխարհին մէջ:

Յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւններ կատարուեցան նաեւ կենսոլորտի նախարարութեան մէջ, ուր նախկին նախարար Մոհամետ Ռահհալ նախարարութիւնը յանձնեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան մէջ, ուր նոր նշանակուած նախարար Ալի Հասան Խալիլ նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Մոհամետ Ժաուատ Խալիֆէէն, իսկ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարութեան պարագային նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի իր պարտականութիւնները յանձնեց Նիքոլա Նահհասի:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՊԻՏԻ ԴԻՄԱԴՐԵՆՔ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.