Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԵՐԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ` ԱՐՏԱՔԻՆ ԲՌՆԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

June 17, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկար ոդիսական մը ապրելէ ետք, ի վերջոյ ծնունդ առաւ հինգ ամիս առաջ նշանակեալ վարչապետին գլխաւորած կառավարութիւնը: Լիբանանեան քաղաքական եւ լրագրական բեմերուն վրայ կատարուած յայտարարութիւններն ու հրապարակուած մեկնաբանական լրատուութիւնները մեծ մասամբ այն տպաւորութիւնը կը ձգէին, որ հանգոյցները առաւելաբար ներլիբանանեան կողմերու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններու վրայ կազմուած էին: Աւելի խորքային դիտարկումները կ՛ուզէին ընդգծել, որ արտաքին թելադրանքներն ու ներշնչումները հիմնական արգելակիչ պատճառներն էին ներլիբանանեան թնճուկներու գոյացման եւ գործադիր իշխանութեան անդամալուծման:

Լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու սեմին կը գտնուի նոր նշանակուած կառավարութիւնը: Մարտահրաւէրները թէ՛ արտաքին են եւ թէ՛ ներքին բնականաբար: Շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ համեմատաբար հանգիստ ու բնականոն պայմաններու մէջ չէ, որ կառավարութիւնը պիտի սկսի իր աշխատանքներուն: Հարեւան տարածքներէն մինչեւ արաբական եւ ափրիկեան այլ երկիրներ եռեւեփումի եւ փոթորիկներու մէջ կը շարունակեն տուայտիլ պետութիւններն ու ժողովուրդները: Քաղաքական պահանջները, ընկերային իրավիճակներէ բխած պոռթկումները «յեղափոխական» ալիքներու տարածումով բռնկած են միջինարեւելեան շրջանը, որ անցումային անորոշ ժամանակահատուած մը բոլորելու իրավիճակը կը պարզէ: Մինչ, գերտէրութիւններու շահագրգռուածութիւնը, աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ իրականացնելու յաւակնութեամբ հրապարակ եղող կեդրոններէ շրջանառութեան մէջ  դրուող երկիրներու սահմաններու վերագծուած տարբերակները, բաժանումները, տարածքներու ընդլայնումները` անորոշ հարցականներ ստեղծած են շրջանի հասարակութիւններուն համար:

Շրջանը «ժողովրդավարացնել»ու կարգախօսով ճամբայ ելած գերպետական ծրագիրներու իրականացման արդիւնքները դժուար կանխատեսելի են: Արձանագրուածը այն է, սակայն, որ ցնցումներով կայացած ու կայացող իշխանափոխութիւնները անպայման կացութիւններու սրբագրութեան կամ բարեփոխումի նախադրեալները համոզիչ չեն դարձներ: Յստակ է, որ նման վարքագիծ տակաւին ճամբայ ունի կտրելիք մեր անմիջական շրջապատին մէջ:

Միջազգային այս ալիքը իր ներկայ տարազով` չէ յայտնուած Լիբանանի մէջ: Այստեղ գերպետական շահերու համընկման կամ բախման պահերու տարբեր դրսեւորումներ եղած են շատ ու կ՛ըլլան տակաւին: Անոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան ներկայ կառավարութեան կազմութեան ձգձգման, ընդհանուր ոդիսականին, մեկնարկին եւ հետագայ գործունէութեան վրայ: Կառավարութեան կազմութեան դիմաց հնչած շնորհաւորանքները, շնորհաւորողներու ժամանակագրական կարգը, վերապահութիւնները կամ խիստ գնահատականները արդէն իսկ կը մատնեն նախքան գործի անցնիլը անոր նկատմամբ կիրարկելի գերքաղաքականացած մօտեցումները: Անոր յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը բազմակողմանիօրէն շահարկելի նիւթեր են առնչակից արտաքին ուժերուն համար:

Ճիշդ այստեղ է, որ լիբանանեան քաղաքական դաշտը բաղկացնող ուժերն ու հասարակութիւնը ընդհանրապէս պարտին գիտակցիլ պահու ճակատագրորոշ բնութագիրին` արտաքին հրդեհներու թոհուբոհին մէջ ներլիբանանեան  ենթահողը համեմատաբար կայուն պահելու համար:

Քաղաքացին ի վերջոյ կայուն, անվտանգ, դէպի ընկերային-տնտեսական տանելի պայմաններ առաջնորդող քայլերու կը սպասէ այս բոլորին մէջ: Նոր վայրէջք մը անպայման կը հարուածէ արդէն իսկ ոչ նախանձելի վիճակի մէջ գտնուող լիբանանեան հասարակութեան բարոյահոգեբանական պատկերը: Պահն է աշխատելու եւ աշխատանքով յուսադրիչ պատուհաններ բանալու այս անգամ Լիբանանէն դէպի շրջան դիտելու եւ իրադրութիւններուն գնահատականներ տալու եւ մանաւանդ դասեր քաղելու համար: Քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առումներով ներլիբանանեան կայունութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է: Իսկ այդ կայունութեան ստեղծման համար նորակազմ կառավարութիւնը ընելիք ունի:

Նախորդը

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՈՒՑԻՉ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.