Թրիփոլիի մէջ երէկ կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ «Արդարութեան բանեցման» փառատօն մը, որուն ընթացքին Ժապալ Մըհսենի եւ Հըզպալլայի դէմ ուղղուեցան սպառնալիքներ։
Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի նախագահ, Թաքուա մզկիթի իմամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց պետութեան պատժելու Թրիփոլիի պայթումը գործող յանցագործները, այնպէս ինչպէս պատժեց Ահմետ Ասիրը՝ Ապրայի մէջ։
«Եթէ ոճրագործը Թրիփոլիի մզկիթները պայթեցնողներուն համար խորհրդանիշ է, ուրեմն Ահմետ Ասիր սիւննիներուն խորհրդանիշն է», ըսաւ ան։
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա պահանջեց Թրիփոլիի մզկիթները պայթեցնող ոճրագործներուն թղթածրարը փոխանցել Արդարութեան խորհուրդին՝ աւելցնելով, որ իրենք գիտեն, թէ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ալի Իտ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կը փափաքին զիրենք ծունկի բերել, սակայն իրենք պիտի չարտօնեն ատիկա եւ պիտի մերժեն, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւններն ու ապահովական ուժերը անոնց զօրակցելով դաւադրութիւններ գործեն իրենց դէմ։
ՆՇԵՆՔ, որ ապահովութեան ուժերուն համաձայն, շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի յայտարարութիւններ, թէ շէյխ Ահմետ Ասիր դէպի Հոմս փախուստ տուած է՝ 3 կամ 4 նոյեմբերի երեկոյեան. ան ծպտուած է իսլամ կնոջ մը հագուստով եւ ուղղուած հիւսիսային Լիբանան, ուրկէ մեկնած է Հոմս։


