Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 11, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան իր խօսքը ուղղեց Արեւելքի քրիստոնեաներուն՝ շեշտելով, որ իրենք եւս մաս կը կազմեն քրիստոնեաներուն։ «Ձեր դիմագրաւած փորձանքները կը սպառնան նաեւ մեզի, իսկ ձեզի նեղութիւն պատճառող իրականութիւնները կը նեղացնեն նաեւ մեզ», շեշտեց ան։

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները։

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ քաղաքական շրջանակը առողջացնելու անհրաժեշտութիւնը։ «Իբրեւ լիբանանցիներ մեզի միացնող հասարակ յայտարարները շատ աւելի են, քան այն տարակարծութիւնները, որոնք մեզի կը հեռացնեն իրարմէ», ըսաւ ան։

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Մուսթաքպալ պլոքին հետ հանդիպումը եղած է դրական՝ աւելցնելով, որ այդ հանդիպումին նպատակն է գործակցութեան նոր կամուրջներ ստեղծել։

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց հիմնելու պետութիւն մը, որ ինքզինք կը յարգէ, ազգային համագործակցութիւնը իրականութեան կը վերածէ եւ Իսրայէլի նեղութիւն կը պատճառէ։

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, որ Սուրիոյ մէջ իրենք յաղթած են եւ թէ շրջանին մէջ իրենց ընտրանքները յաղթական դուրս պիտի գան։

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը ընթացքի մէջ է։

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հըզպալլա երկիրը կը քանդէ եւ լիբանանեան ամէն զգացողութիւն կորսնցուցած է։

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն յետաձգումը շատ հաւանական է։

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամին կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը գոհացնէ անոնց խիղճերը։

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ժազիրա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայէն կարելի չէ զանց կացուցել ահաբեկչութեան յատկանիշները։

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ ոչ մէկ նշոյլ կայ Լիբանանի մէջ մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով։

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պատասխանատու նկատեց կառավարութեան կազմութեան եւ խորհրդարանին գործունէութեան արգելակումին։

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանցի երեսփոխանները անվախ պիտի ուղղուին դէպի խորհրդարան՝ ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահը։

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ կոչ ուղղեց քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւններուն համաձայնութիւն մը գոյացնելու հզօր անձնաւորութեան մը շուրջ՝ կանխարգիլելու համար նախագահութեան պաշտօնին թափուր մնալուն հաւանականութիւնը։

Նախորդը

Ըստ Եգիպտական Օրաթերթի Մը. Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնն Ու Իսլամ Եղբայրները Կը Ծրագրեն Եգիպտոսի Մէջ Քաոս Ստեղծել

Յաջորդը

Հըզպալլա Կը Հաստատէ Շրջանին Մէջ Իր Տուած Որոշումներուն Ճշգրտութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.