Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան Ատհայի տօնին առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան` ապազինելու լիբանանցի ժողովուրդին բոլոր խաւերը եւ շատ խիստ վարուելու անոնց զէնքի արտօնագիր շնորհելու առումով:
«Երկիրը կարելի է պաշտպանել բարի գործով, եւ ոչ թէ զէնքով կամ պայթումներով: Ինչո՞ւ պայթումներ կատարել, ինչո՞ւ ահաբեկչական արարքներու դիմել: Ինչո՞ւ Մաամուրայի մէջ ականուած ինքնաշարժ զետեղել, ի՞նչ է Հարաւային արուարձաններուն դէմ պարզուած այս թշնամանքը», հարց տուաւ ան:
Շէյխ Քապալան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ կռուող զինեալներուն` վերջ տալու ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժումին:
Իր խօսքը ուղղելով Պահրէյնի կառավարիչներուն, շէյխ Քապալան կոչ ուղղեց անոնց` ըլլալու խղճամիտ եւ հեռանալու բաժանումէն:
Շէյխ Քապալան շեշտեց Աստուծոյ հետ ըլլալու եւ չարիքէն հեռանալու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ թշնամի Իսրայէլը արտաքին եւ ներքին թշնամի է, որովհետեւ ան ճիգ չի խնայեր Երուսաղէմը հրէացնելու:


