
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի կեդրոնամէտ Անկախ ժողովրդավարական միութիւնը դիմած է երկրի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` առաջարկելով խորհրդարանի լուծարումը յայտարարել եւ հանրաքուէի հրաւէր ուղղել:
Խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ 30 աթոռ ունեցող կուսակցութեան ղեկավար Ժան-Լուի Պորլուի կարծիքով` կառավարութիւնը պէտք է բաւարարէ իրենց պահանջը, որովհետեւ բնակչութեան մէջ իշխանութիւնները շատ ցած վարկանիշ ունին:
«Նախագահը պէտք է ասոր մասին մտածէ, որովհետեւ իրավիճակը աւելի քան երբեք լուրջ է ու աննախադէպ», ըսած է ան` մատնանշելով քանի մը սուր խնդիրներ, որոնք կ՛ապակայունացնեն իրավիճակը: Ատոնք են` տնտեսական ճգնաժամը, որ պատճառ կը դառնայ բողոքի ցոյցերու, արմատական կուսակցութիւններու դիրքերու ամրապնդումը եւ հարկային դաշտին մէջ եղած խնդիրները:
Մայիս 2012-ին ընտրուած նախագահ Հոլլանտի վարկանիշը հոկտեմբերին հասած է մրցանշային ցած ցուցանիշի: Ըստ հարցախոյզներու նորագոյն տուեալներուն, ֆրանսացիներու միայն 26 առ հարիւրը անոր կ՛աջակցի:


