Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Լիագումար նիստին ընթացքին պիտի ընտրուին երկու ընդհանուր քարտուղարներ եւ խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերուն անդամները:


