Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ մաղթեց, որ Լիբանան դուրս գայ իր դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն` կազմելով ազգային համախոհութեան կառավարութիւն մը:
Ռաատ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը խոչընդոտող կողմերը պէտք է վերջ տան իրենց գրաւներուն, որոնք ձախող դուրս եկած են, եւ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց քաղաքական հաշիւները:
Ռաատ շեշտեց, որ կան որոշ սկզբունքներ, որոնցմէ կարելի չէ շեղիլ կամ զիջիլ, որովհետեւ անոնց հիման վրայ կը ճշդուի կողմի մը ինքնութիւնը, «իսկ այդ սկզբունքներէն բացի ամէն բան բանակցելի է», ըսաւ Ռաատ:
Ան ընդգծեց նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան կողմէ քարիւղի եւ բնական կազի պեղման յատուկ արտակարգ նիստ մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ թղթածրարը Լիբանանի գերագոյն շահերուն կը ծառայէ:


