Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի շեշտեց, որ Իրան յանձնառու է Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով:
Ան ընդգծեց, որ Թեհրան կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
Ապատի աւելցուց նաեւ, որ ինք Սինիորայի յանձնած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիէն շնորհակալական եւ տօներուն առիթով շնորհաւորական նամակ մը:


