ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը Լիբանանի վրայ քանդիչ ազդեցութիւն կը ձգէ, յատկապէս նկատի ունենալով դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ լուսարձակի տակ առաւ քարիւղի պեղման թղթածրարին հանդէպ լուրջ մօտեցում ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի տեղակատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ամերիկեան Քոնկրեսը պատասխանատու է Սուրիոյ արիւնահեղութեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք շեշտը կը դնեն երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելուն վրայ:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ յայտնեց, որ իրենք «Մուսթաքպալ» օրաթերթին դէմ դատական հարց պիտի յարուցեն` Եուսեֆ Տիապի հարցաքննութեան վերաբերող տեղեկութիւններ սպրդեցնելուն համար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանան ազգային միասնականութեան կարիքը ունի` երկիրը պաշտպանելու համար:
«ԻՔՐԱ» միութեան նախագահ շէյխ Խալետ Տըքմաք ընդգծեց Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը լուծելու եւ կուսակցութեան պատասխանատու Ռիֆաա Իտը արգելափակելու կարեւորութիւնը: Տըքմաք կուսակցութիւնն ու Իտը ամբաստանեց Թրիփոլիի մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու յանցանքով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքին գոյութեան դէմ կարելի է պայքարիլ` կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմելով:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան ժամը շուրջ 9:00-ին, Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ կատարեց` խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ կայունութիւնը մնայուն ապահովութեան կարիք ունի եւ ոչ թէ աննպատակ ապահովական ծրագիրի մը:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Պաապտա կատարելիք այցելութիւնը տակաւին չէ ճշդուած, սակայն այդ մէկը կրնայ ըլլալ Ատհայի տօնէն ետք:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ Իրանէն պահանջած են ճնշում բանեցնել Հըզպալլայի վրայ եւ պարտադրել, որ ան Լիբանանի կառավարութեան մաս չկազմէ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ատհայի տօնէն ետք ան տարբեր ոճով պիտի խօսի բոլորին հետ:
ԱՐՍԱԼԻ մէջ նախանցեալ երեկոյեան զինեալներ առեւանգած են Ապտել Խալեք Մաթար անունով քաղաքացի մը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձակազինութեան սաստկացումին պատճառով վիրաւորուած է Նասեր Ֆախրէտտին անունով քաղաքացի մը:
ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա յայտնեց, որ պետական անվտանգութեան կառոյցը լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ սարքերու եւ կազմածներու իմաստով:


