
Այսօր Լիբանան իր հրաժեշտի վերջին տուրքը կու տայ լիբանանցի վաստակաւոր արուեստագէտ Ուատիհ Սաֆիի, որ անցեալ ուրբաթ երեկոյեան մահացաւ խոր ծերութեան մէջ:
Մեծ արուեստագէտին` 92-ամեայ Ուատիհ Սաֆիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժըս եկեղեցւոյ մէջ:
Տասնամեակներ շարունակ Լիբանանը երգած Սաֆիի մահուան առիթով լիբանանեան պետութեան կողմէ ազգային սուգի օր չյայտարարելու մասին անոր կինը` Մելվինա Ֆրանսիս յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է նման քայլի մը դիմել, որովհետեւ Լիբանանը եղած է Ուատիհ Սաֆիի ամբողջ կեանքը:
Անդրադառնալով հանգուցեալին կտակին մասին հարցումի մը` ան ըսաւ, որ Ուատիհ Սաֆիի միակ փափաքն է պահպանել Լիբանանը եւ լիբանանցիներուն միջեւ սէր տարածել:
Նախագահ Սլէյման գուժեց մեծ երգիչին մահը` շեշտելով, որ Ուատիհ Սաֆիի մահը Լիբանանի եւ լիբանանեան երգարուեստին համար ազգային կորուստ է:
Ան բարձր գնահատեց Լիբանանը երգած եւ իր սրտին, հոգւոյն, մտքին ու խղճին մէջ Լիբանանը պահած անուանի երաժիշտին վաստակը եւ ընդգծեց, որ Սաֆիի ազգային երգերը պիտի շարունակեն արձագանգել եւ Լիբանանի նկատմամբ սէրը փոխանցել յաջորդող սերունդներուն:
Իր կարգին, հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Ուատիհ Սաֆիի կորուստով լիբանանեան երգին իսկական պատկերը կը բացակայի եւ Լիբանան կը կորսնցնէ գեղեցիկ ձայն մը ու ազգային բացառիկ երգեր, որոնք վերածուեցան քայլերգներու:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի իւրաքանչիւր հանգրուանին ընթացքին Ուատիհ Սաֆի երկրին նկատմամբ լիբանանցիներուն հաւատքը զօրացուցած է եւ զանոնք փորձած կապել անոնց լիբանանեան արմատներուն:
Միքաթի իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Ուատիհ Սաֆի արուեստի իւրայատուկ դպրոց մըն է, որ սերունդէ սերունդ պիտի փոխանցուի` Լիբանանի նկատմամբ սէրը տարածելով բոլորին:


