Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի երէկ Ուաշինկթընի մէջ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առընթեր գումարուած խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանան արաբական եւ օտար պետութիւններուն ներկայացուցած է աշխատանքային ծրագիր մը, որուն մէջ նշած է իր կարիքները` Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով:
Սաֆատի ըսաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին օտար պետութիւններուն ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են Լիբանանին վարկեր տրամադրելու` սուրիացի գաղթականներուն օգնելու գծով:
Ան շեշտեց, որ ինք հաստատած է, որ Լիբանան նուիրատուութիւններ պահանջած է եւ ոչ թէ վարկեր: Սաֆատի ընդգծեց, որ Լիբանան նիւթական փոխատուութիւններու պիտի չդիմէ սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու համար` աւելցնելով, որ անիկա Լիբանանի հարցը չէ եւ Սուրիոյ տագնապին Լիբանան պատասխանատու չէ:
Իրենց կարգին, արաբական պետութիւններուն ներկայացուցիչները հանդիպումին ընթացքին յայտնած են, որ Լիբանանի այդ պահանջին գծով պէտք է խորհրդակցին իրենց պետութիւններուն հետ:
Սաֆատի կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները եւ մաղթեց, որ Լիբանանի նկատմամբ սպիտակ ձեռքեր ունեցող Սէուտական Արաբիա ընդառաջէ Լիբանանի օժանդակութեան այս կոչին:


