Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն 13 հոկտեմբեր 1990-ի յիշատակին առիթով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իր նահատակներուն արեամբ շաղախուած հողը անպայման պիտի ծաղկի:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ 13 հոկտեմբեր 1990-ը հարուած մըն էր, սակայն իրենք պայքարեցան, դիմացան եւ յոյսով մխիթարուեցան:
«Այն ժողովուրդները, որոնք իրենց անցեալը կը պահեն, առիթ կ՛ունենան սրբագրելու իրենց սխալները, իսկ անոնք, որոնք իրենց անցեալը կը մոռնան, ապագայ չունին եւ մնայուն կերպով կ՛իյնան նոյն սխալներուն մէջ», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան շեշտեց, որ նահատակներուն յիշատակին նկատմամբ նուիրումը չ՛իրականանար, եթէ մարդ անհատը ազատ չէ իր մտքով: «Մենք ազատագրուած հողերը չենք կրնար պահպանել միլիսական մտայնութեամբ: Ո՛վ որ հոգատարութեան տակ կը գտնուի, չի կրնար ազատ ըլլալ. այո՛, այսօր լիբանանեան հողերը ազատագրուած են, սակայն մտայնութիւնը տակաւին ստրկացած կը մնայ, եւ ճիշդ այդ տագնապն է, զոր այսօր Լիբանանը կը դիմագրաւէ», եզրափակեց ան:


