ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան վերջ դնելու` բարձր գնահատելով բանակին եւ ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին ի գործ դրած ջանքերը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ ազատ արձակելու Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին Պնաշյիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ վարչապետ Թամմամ Սալամին` արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը: Ժահժահ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը կ՛ոչնչացնէ երկրին ժողովրդավարական եւ սահմանադրական վարչակարգը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Հըզպալլա կ՛արգելակէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ Իրան կը պահանջէ Լիբանանը վերածել բանակցութիւններու ընթացքին օգտագործուող խաղաքարտի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կատարած վերջին յայտարարութիւններէն ետք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աւելի եւս բարդացած է:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի պայթումներուն վերաբերեալ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կատարած հետաքննութեան արդիւնքները հաստատած են, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան եօթը անդամներ գործած են այդ պայթումները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ մտահոգութիւն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ճշգրիտ թուականին կարելի չըլլայ կատարել, եթէ Հըզպալլա շարունակէ խոչընդոտել կառավարութեան կազմութեան ջանքերը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին ղեկավար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքը այնքան ալ տկար չէ` աւելցնելով, որ այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը չափազանցուած են:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են կառավարութեան կազմութեան ջանքերը դժուարացնող կողմերը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Թրիփոլիի համար մշակուած ապահովական ծրագիրը ձախող է:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց երկխօսութեան եւ հանդուրժողականութեան մշակոյթին անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անոնք երկրին ներքին տագնապի լուծման բանալիներն են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ պահանջուածը ժողովրդային յեղափոխութիւն մըն է` Հըզպալլայի պահեստանոցներուն մէջ գտնուող ահաբեկչութեան զէնքին վերջ տալու համար:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ կոչ ուղղեց ընդառաջելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ուղղած երկխօսութեան կոչին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկացի նախկին դեսպան Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ հանդիպումներ ունեցած լիբանանցի պատասխանատուներէ, կը գրէ, թէ Ֆելթման շեշտած է, որ Սէուտական Արաբիա այս հանգրուանին չ՛ուզեր Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կազմել:


