
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար զօր. Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտնեց, որ «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի նշած հերոսական ճկունութիւնը Թեհրանի իրաւունքներէն հրաժարիլ չի նշանակեր»` աւելցնելով, որ «Խամենէի Ամերիկային փոխզիջումի աչքով չէր նայեր»:
«Ոմանք յեղափոխութեան ղեկավարին այս հարցին վերաբերեալ ուղղուածութեան նկատմամբ սխալ եզրակացութիւններ կատարած են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «այս ճկունութիւնը տկարութիւն չէ, այլ կը նշանակէ, թէ պատերազմի ձգտողներ չենք եւ թշնամիին առիթ կու տանք տարբեր հեռանկարներու մէջ Իրանի իրաւունքները նկատի ունենալու»:
Զօր. Ժաաֆարի ըսաւ, որ «Խամենէի առիթ տուաւ թշնամիներուն ողջմտութեան վերադառնալու կարողութիւնը քննելու»: Ան աւելցուց, որ «պէտք է տարբեր մարզերու մէջ մեր իրաւունքներէն չհրաժարինք, որովհետեւ այդ մէկը տրամաբանութիւնը, Քորանն ու ժողովուրդը կը մերժեն»:
«Ամերիկա հեռաւոր կամ մօտիկ ապագային տկարութենէ պիտի տառապի եւ թերեւս ապագային հրաժարի իր մեծամտական վարմունքէն, սակայն ատիկա ներկայիս չէ իրականացած», նշեց զօրավարը:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի իր կարգին յայտարարեց, որ Իրան համաձայն պիտի չգտնուի հարստացուած իւրանիոմի իր պահեստը իր հողերէն դուրս բերելու` նշելով, որ իր երկրիը պատրաստ է միայն իւրանիոմի հարստացման համեմատութեան եւ հարստացման ձեւերուն շուրջ բանակցելու:


