Պապ Թըպպանէ երէկ փամփուշտով եւ հրթիռներով դիմաւորեց Սաատ Մասրին, որ Պապ Թըպպանէի ճակատներուն պատասխանատուն է:
Մասրի, որ Թուրքիայէն վերադարձաւ Լիբանան, ըսաւ, թէ այնքան ատեն որ Հըզպալլայի ապօրինի զէնքը կը պահուի ոչ ոք իրաւունք ունի իրենց զէնքին մասին խօսելու: Ան շեշտեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ իսկական զօրութիւն ունեցող պետութիւն մը ըլլայ, ապա իրենք պատրաստ են յանձնելու իրենց զէնքը:
Կրակոցներն ու հրթիռարձակումը շրջանին բնակչութիւնը ահ ու սարսափի մատնեցին, իսկ օդին մէջ արձակուած հրճուանքի փամփուշտներուն պատճառով վիրաւորուեցան երեք քաղաքայիններ, ինչպէս նաեւ վնասուեցան կարգ մը ինքնաշարժներ եւ վաճառատուներ:
Ակներեւ էր սակայն այն իրականութիւնը, որ Թրիփոլիի մէջ առաջին անգամ ըլլալով հարիւրաւոր երիտասարդներ փողոցին մէջ յայտնուեցան` իրենց հետ ունենալով տարբեր տեսակի գնդացիրներ ու նռնականետեր, դիմաւորելու համար Մասրին:


