Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը` անդրադառնալով իրենց յարաբերութիւնները վերականգնելու Բրիտանիոյ եւ Իրանի առաջին քայլերուն կը գրէ, որ երկու երկիրները վերջերս առած են կարեւոր քայլ մը, երբ որդեգրած են իրենց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց կարգ մը կապեր վերաշխուժացնելու որոշում մը:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ Բրիտանիա Իրանի մէջ իր շահերու պաշտպանութեան համար դիւանագէտ մը նշանակելով, եւ Իրան նոյն քայլին դիմելով, ինչպէս նաեւ շարք մը բարդ հարցերու շուրջ քննարկումներ կատարելով եւ երկու երկիրներուն մէջ հաւանական իրենց պաշտօնեաներուն կարգավիճակի հարցը արծարծելով` ճամբայ պիտի հարթուի երկու երկիրներուն մէջ դեսպանատուներու վերաբացման համար:
Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ 1953¬ին Իրանի վարչապետին դէմ կատարուած յեղաշրջման մէջ մատ ունեցող Բրիտանիոյ վարկը Իրանի մէջ աւելի վատ է, քան Միացեալ Նահանգներունը: Բրիտանիա նոյեմբեր 2011¬ին փակեց Լոնտոնի մէջ իրանեան դեսպանատունը եւ դեսպանատան բոլոր պաշտօնեաները վտարեց, երբ զայրացած իրանցիներ Իրանի դէմ Բրիտանիոյ հաստատած պատժամիջոցներուն դէմ իբրեւ բողոք` Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյց կատարեցին եւ Բրիտանիոյ դրօշը հրկիզեցին:


