Ռուսիոյ Ազատական-դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի յայտնած է, որ Լա Հէյի մէջ ռուս դիւանագէտ Տմիթրի Պորոտինին ծեծի ենթարկելու հարցով` իր կուսակցութիւնը Մոսկուայի մէջ Հոլանտայի դեսպանատան շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց պիտի կազմակերպէ:
Քաղաքական գործիչը յայտնած է, որ պիտի փշրէ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բոլոր ապակիները: Ըստ անոր, այդ իրավիճակը սադրանք է:
«Մոսկուայի մեր կազմակերպութիւնը ցոյց պիտի կազմակերպէ Հոլանտայի դեսպանատան առջեւ եւ պիտի փշրէ դեսպանատան բոլոր պատուհանները: Մենք չենք առաջնորդուիր հետեւեալ սկզբունքով` եթէ մեզ կ՛ապտակեն մէկ այտին, ուրեմն մենք միւս այտը պիտի դարձնենք: Մենք պիտի հարուածենք անոնց ճակատին, քիթին», ըսած է Ժիրինովսքի:
Ան աւելցուցած է, որ գործիչները պիտի չզսպեն իրենց զգացումները: «Ատիկա մեր դիւանագէտին դէմ յարձակում էր, եւ պէտք չէ յօրինել ընտանեկան վէճեր, ոգելից ըմպելի կամ այլ բան: Իրական սադրանք է եղածը», նշած է քաղաքական գործիչը:
Տումայի մէջ երեսփոխանական աթոռներ ունեցող կուսակցութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Վիեննայի ուխտը անձնական կեանքին միջամտութիւն չ՛ենթադրեր: «Եթէ նոյնիսկ հարբած ալ ըլլայ, ան դիւանագէտ է: Եթէ գողութիւն կատարած է, ան դիւանագէտ է: Անձեռնմխելիութիւն` ռուսերէն բառ բոլոր լեզուներու մէջ: Իրաւունք չունիք նոյնիսկ մօտենալու, հարցումներ ուղղելու: Նոյնիսկ եթէ սպանութիւն կատարած է, կարեւոր չէ` ոչինչ ընելու իրաւունք ունիք: Անոր սեփական դեսպանութիւնը զինք տուն կ՛ուղարկէ: Անձեռնմխելիութեան իմաստը ատոր մէջ է», նշած է Ժիրինովսքի:
Յիշեցնենք, որ նախորդ արձակուրդի օրերուն զինեալներ ռուս դիւանագէտին տունը ներխուժած են եւ զինք ծեծի ենթարկած:


