Մուսթաֆա Եահֆուֆի անունով փախստական մը սպաննուեցաւ երէկ, երբ իր ընկերոջ հետ կը փորձէր խոյս տալ զիրենք հետապնդող ոստիկաններէն: Էշրեֆիէի «Ա. Պէ. Սէ.»-ին մօտ պատահած հետապնդումը վերջ գտաւ զինարձակումով եւ Եահֆուֆիի սպաննութեամբ:
Ականատեսներ յայտնեցին, որ Եահֆուֆի նախապէս կրակ բացած է ապահովութեան ուժերու դէմ: Ան իր ընկերոջ հետ կը հետապնդուէր զեղծարարութեան յանցանքով:


