Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիա Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներուն Իր Աջակցութեան Համար Սուղ Գին Պիտի Վճարէ» Կ՛ըսէ Ասատ

October 5, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Պաշշար Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ թրքական «Հալք» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն իր աջակցութեան համար սուղ գին պիտի վճարէ` աւելցնելով, որ «մօտիկ ապագային այդ ահաբեկիչները Թուրքիոյ համար հետեւանքներ պիտի ստեղծեն»:

Ասատ նշեց, որ «կարելի չէ ահաբեկչութիւնը իբրեւ խաղաթուղթ օգտագործել, ապա զայն գրպանդ դնել, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը կը նմանի կարիճին, որ երբ ժամանակը գայ խայթելու, չի վարանիր»:

Սուրիոյ նախագահը յայտնեց, որ այն ամէնը, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին մասին ըսաւ, միայն ափ մը սուտ է, եւ ան ահաբեկիչներուն կ՛աջակցի»:

Պատասխանելով 16 սեպտեմբերին թրքական օդուժին կողմէ վար առնուած սուրիական ուղղաթիռին մասին հարցումի մը` Ասատ խոստովանեցաւ, որ այդ ուղղաթիռը, որ սուրիական հողերուն մէջ ինկաւ, թրքական օդային տարածքը բռնաբարեց` նշելով, որ այդ ուղղաթիռը աշխատանք կը տանէր «մեծաթիւ ահաբեկիչներու ներթափանցումը» կանխարգիլելու` աւելցնելով, որ անոր երկու օդաչուները սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ ձերբակալուելէ ետք «վայրագօրէն գլխատուած էին»:

Խօսելով յաջորդ տարի Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրելու հարցին մասին ան յայտնեց, որ յառաջիկայ 4-5 ամիսներուն ընթացքին «պատկերը աւելի յստակ կ՛ըլլայ», որովհետեւ Սուրիան «սրընթաց» փոփոխութիւններէ կ՛անցնի: Ան ըսաւ, որ եթէ զգայ, որ սուրիացիները չեն ուզեր զինք այդ պաշտօնին վրայ տեսնել, ապա իր թեկնածութիւնը չի դներ:

Օպամա–Փութին Հանդիպումը
Տեղի Պիտի Չունենայ

Քրեմլին երէկ ցաւ յայտնեց, որ Պալիի մէջ Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի պետութեանց վեհաժողովին ծիրին մէջ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ դաշնակցային պիւտճէի հաստատման հետ կապուած բարդութիւնները նախագահ Պարաք Օպաման ստիպած են Ինտոնեզիա եւ Ֆիլիփեան կղզիներ իր այցելութիւնը չեղեալ նկատելու: Օպամայի փոխարէն վեհաժողովին պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի:

«Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումը
Սուրիոյ Տագնապին Վերջ Պիտի Չտայ»

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը ողջունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացման շուրջ որոշումի մը որդեգրումը, սակայն նշեց, որ ատիկա Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու համար բաւարար չէ:

Վեհաժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց շուէտացի ընկերվարական երեսփոխան Պիոռն Ֆորսայտոյի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը, որ կը պահանջէ, որ Սուրիոյ մէջ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած բոլոր անձերը Միջազգային քրէական դատարանին առջեւ կանգնին եւ պատիժէ չխուսափին: Խորհուրդը նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած բանաձեւը «խաղաղութեան նկատմամբ յոյսերը կը վերանորոգէ, սակայն Սուրիոյ պատերազմին վերջ չի տար»` զգուշացնելով, որ հարցերը դէպի քաղաքացիական պատերազմ կրնան զարգանալ:

Վեհաժողովը Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութեանց կոչ ուղղեց` աջակցելու ժողովրդավար, կայուն եւ մարդկային իրաւունքները յարգող Սուրիոյ մը ստեղծման ջանքերուն:

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Իրանի Դէմ Խիստ Պատժամիջոցներ Կիրարկել» Ըսաւ Հարֆ

Յաջորդը

Իպրահիմ Ընդունեց Թուրքիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.