«ՌԻԱ նովոսթի» լրատու գործակալութեան անգլերէն ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները չորեքշաբթի օր Մոսկուային կոչ ուղղած են կազմաքանդելու Վրաստանի եւ Հարաւային Օսեթիոյ սահմանին վրայ կառուցուած պատնէշները:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու, այդ սահմանազատումը կ՛ոտնահարէ Թիֆլիսի գերիշխանութիւնը: Նախապէս ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութիւնը յայտնած էր, որ պատնէշները չեն նպաստեր տագնապի խաղաղ լուծման:
Պատնէշներու մասին ահազանգած էին սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները, երբ անցեալ ամիս ռուս զինուորներ սկսած էին փշալարեր տեղադրել Վրաստանի սահմանին շուրջ:
2009-ին Հարաւային Օսեթիան իր սահմաններու պաշտպանութեան գործը յանձնած էր Ռուսիոյ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Ռուսիայէն բացի միւս երկիրները Հարաւային Օսեթիան եւ Աբխազիան կը շարունակեն վրացական տարածքներ նկատել:


